Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբերին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեպարար արարողութիւն մը, որուն ընթացքին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերանորոգեցին իրենց մկրտութեան խոստումները: Ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ, ծնողներ, ինչպէս նաեւ՝ մասնակից աշակերտներէն շատերու կնքահայրերն ու կնքամայրերը:
Պատարագը մատուցեց եւ այս առիթով քարոզեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Իրենց պատգամները յղեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ վրդ. Սապէ եւ փոխ ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան:
Հոգեւորական հայրերը վեր առին մկրտութեան խորհուրդին եւ մկրտութեան խոստումի վերանորոգութեան նշանակութիւնը քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ դէպի գիտակցական տարիք իրենց յառաջացումին մէջ պատանիներն ու պարմանուհիները հրաւիրուած են յաւելեալ խանդով մը փարելու Աստուծոյ, կայանալու համար իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի