Յառաջիկայ Ամանորի եւ Ծննդեան տօներուն արձակուրդի օրերու փոփոխութիւն չի նախատեսուիր: Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցած են, որ եթէ արձակուրդի օրերու փոփոխութեան կամ կրճատման հարց ըլլար, ապա պէտք էր «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարուէր, ինչ որ չէ եղած:
«Այսինքն` պիտի ըլլայ այնպէս, ինչպէս կայ»,-ըսած են մամուլի բաժինէն` նշելով, որ Կառավարութեան որոշումով արդէն յստակ օրերը պիտի հաստատուին:
Նշենք, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին համաձայն` Ամանորը եւ Ծննդեան տօները Հայաստանի մէջ կը համարուին ոչ աշխատանքային օրեր: Ըստ նոյն օրէնքին` Ամանորը եւ Ծննդեան տօները կը նշուին Դեկտեմբեր 31-էն Յունուար 2-ը ներառեալ (Ամանոր), Յունուար 3-ին, 4-ին եւ 5-ին (նախածննդեան տօներ) եւ Յունուար 6-ին (Սուրբ ծնունդ եւ Յայտնութիւն): Սուրբ Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնին յաջորդող` Մեռելոց յիշատակի օր, կը նշուի Յունուար 7-ին: Այս բոլոր օրերը, ըստ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին, կը համարուին ոչ աշխատանքային օրեր: Իսկ քանի որ Յունուար 8 Կիրակի է, աշխատանքային օրերը պիտի սկսին Յունուար 9-էն: