Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Կը Բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին Մօտ, Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանին Վերադարձը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016­ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը:

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ յետոյ, 28 Ապրիլ 2015­ին մեր Սուրբ Աթոռը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացած էր վերոյիշեալ պահանջով: Սահմանադրական Դատարանը իր կարգին դիմած էր Արդարութեան Նախարարութեան՝ ունենալու անոր կարծիքը: Վերջինս թելադրած էր մերժել դատը, զայն Սահմանադրական Դատարանին իրաւասութեան սահմաններէն դուրս նկատելով: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշեց դիմել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին, Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսա):

Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին, Պրիւքսէլի (Պելճիքա) Մամլոյ Ակումբին մէջ, կէսօրէ ետք տեղական ժամով՝ ժամը 1­ին տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս, մասնակցութեամբ տեղական ու միջազգային մամլոյ գործակալութիւններու, քաղաքական պատասխանատուներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցին՝ Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչը, Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը եւ յիշեալ դատը հետապնդող իրաւաբաններու խմբակէն հինգ անձեր:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին