Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ֆրանսահայ Գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան Պարգեւատրուած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» Մետալով

Օրերս, Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Փարիզի մէջ «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեանը:

Տիգրան Տատրեան մեծ ներդրում ունի Սփիւռքի մէջ գեղանկարչութեան արուեստը տարածելու եւ մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու գործին մէջ:

Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան ծնած է Պէյրոյթ 1929-ին: Մանկութեան տարիները անցուցած է Զահլէի մէջ: Յաճախած է Կիպրոսի Մելքոնեան հիմնարկը, այնուհետեւ` Փարիզի արուեստներու ազգային դպրոցը, Կոէթսի ակադեմիոյ եւ Քրան Շոմիէր ակադեմիոյ մէջ: 1957-էն սկսեալ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ ցուցադրութիւններով հանդէս եկած է շարք մը անհատական եւ այլ նկարիչներու հետ: Դասաւանդած է Կոէթսի ակադեմիոյ մէջ, ուր 1983թ-ին վերանուանուած է Կոէթս-Տատրեան ակադեմիա (Acadռmie Goetz-Daderian):

Տատրեանի աշխատանքները կը գտնուին Փարիզի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին մէջ, Փարիզի ազգային գրադարանին, Երեւանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին, Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնադրամի եւ այլ յայտնի թանգարաններու մէջ: Գեղանկարիչին ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած «Յիսունամեայ ստեղծագործութիւն» խորագիրով ցուցահանդէսը տեղի  ունեցած է Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ: 2012- ին պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին