Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սպասելով Յաջորդ «Հայոց Հովիկ»ին

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Շաբաթավերջին,  լիբանանահայութիւնը առիթը ունեցաւ վայելելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Հայոց Հովիկ»ը:

Արդարեւ, անցած շաբաթավերջին յաջորդական երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ԱՐԻՆ պարախումբը, որ շոյեց մշակութասէր հանրութեան հոգիները՝ հայրենի մեծանուն երաժիշտ Խաչատուր Աւետիսեանի նուիրուած «Հայոց Հովիկ»ի քնքուշ հպանքով եւ զմայլելի բոյրով…:

Իր  լաւագոյն ելոյթներէն մին ներկայացնելով, ԱՐԻՆ պարախումբը փաստեց, որ սփիւռքահայ մշակութային կեանքի մէջ ան արդէն իսկ կայացած եւ հաստատուն կառոյց մըն է ու կրնայ մրցիլ իր տեսակին մէջ աշխարհի որեւէ սիրողական պարախումբի հետ:

Յայտագիրը լաւ ընտուած էր: Պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարը, պարադրողն  ու պարասոյցը՝ Գայիանէ Մածունեան  շատ հաճելի անցքերով կապած էր հինը նորին հետ՝ ներկաները փոխադրելով իր խառն ներաշխարհը, որ խորքին մէջ ներաշխարհն է սփիւռքահայ երիտասարդին:

Դասականին կողքին հրամցուած Ֆորշի ժամանակակից երգեցողութեամբ «Մախմուր Աղջիկ»ը, Հովիւներու պարով հրամցուած ժամանակի մէջ ճամբորդութիւնը, ուր հինը չկրցաւ դիմադրել… սելֆիին: «Իլիկներով Պար»ը, որուն մէջի եղանակային կրկնութիւնը հոյակապօրէն օգտագործուած էր «Մեր Պարի Դաս»ին վերածելով զայն, միայն կ’արտացոլացնէին գեղարուեստական հմտութիւն եւ հարցեր մեկնաբանելու եզակի եւ գնահատելի խորք, որ ամբողջովին նորութիւն էր լիբանանահայ բեմին համար:

Իր երաժշտութեամբ եւ բառերով մեզ հին ու լաւ օրերը փոխադրող «Սեւ Աչերով Աղջիկ» երգով հրամցուած պարին մէջ ներմուծուած թատերական մասը, զոր կատարեցին Շուշան Քէշիշեան, Ռաֆֆի Սամմաք եւ Վիգէն Մարկոսեան՝ հետաքրքրական էր եւ ի յայտ կը բերեր երիտասարդներուն թատերական շնորհքները, մինչ Լարա Ճիպեանի լուռ անցքը աւելի քան ապագայ դերասանուհիի մը խոստումը ունէր: Այս երգին ներկայացումը անշուշտ անթերի կ’ըլլար, եթէ ընտրուած թատերական շարժումներու պատմութիւնը աւելի համահունչ ըլլար երգի բառերուն հետ…:

Բեմի խորքը զարդարելու համար ընտրուած յարդարանքը ու պարողներուն տարազները իրենց գոյներով եւ ձեւաւորումով աւելի քան հոյակապ էին եւ ցոյց կու տային անոնց ձեւաւորող՝ Վարդան Մկրտիչեանի բարձր արուեստը եւ զանոնք իրագործող Մարօ Յակոբեանին եւ Լուսին Անտոնեանին  մատներու հմտութիւնը. սակայն թէ անոնք որքա՞ն հայկական էին՝ կը մնայ հարցական: Ես չեմ հաւատար, որ օրինակի համար Մարաշի կամ Քիւթահեայի մէջ հայ աղջիկներ անցեալ դարերուն այն տարազներով փողոցները կը քալէին կամ աղբիւր կ’երթային՝ սափորով ջուր բերելու: Ոչ ալ կը հաւատամ, որ բեմին խորքին կտաւի տպաւորութիւնը ձգող զարդարանքի նախշերով վարագոյրներ գոյութիւն ունեցած են Չոմախլուի տուներուն մէջ: Եղածը պարզապէս երեւակայութեան արդիւնք մըն է, որ հակառակ գեղեցիկ ըլլալուն, կը վախնամ, որ օր մը մեր պարախումբերուն գեղարուեստական ղեկավարներու, ձեւաւորողներու եւ տարազներ իրագործողներու մրցակցութիւնը աղաւաղէ մշակութային խորհրդանշաններ…: Ամէն պարագայի, պարախումբերու տարազներու հարցը քննարկելի նիւթ է. թերեւս՝ ուրիշ առիթով:

Կը մնայ գնահատել ձեռնարկը իր աւարտին հասցնող «Զարթօնք» պարը, որ իր նորահնար ոճով եւ պարուսոյցին իսկ մասնակցութեամբ գագաթնակէտին հասցուց ներկաներուն հմայքը հանդէպ այն գեղեցիկ գործին, որ ԱՐԻՆ-ը ներկայացուց այդ գիշեր:

Յաջողութիւն ԱՐԻՆ պարախումբին, անոր զինուորագրուած բոլոր անձնազոհ օգնականներուն եւ զայն հովանաւորող ՀԲԸՄ-ՀԵԸին:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին