Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Էդուարդ Նալպանտեան Նախագահին Զեկոյց Ներկայացուց Նախարարութեան Կողմէ Իրականացուող Աշխատանքներու Ընթացքին Մասին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, Հայաստանի նախագահին զեկուցեց միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան ուղղութեամբ նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը, յառաջիկայ ընելիքներն ու ձեռքբերումները: Նալպանտեան ներկայացուց` օրերս Ֆրանախօս երկիրներու կազմակերպութեան 16-րդ գագաթնաժողովի ընթացքին կայացած որոշման համաձայն Հայաստանի կողմէ միջազգային հեղինակաւոր այդ կազմակերպութեան նախագահութեան ստանձնումը, ինչպէս նաեւ գագաթնաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութեան ամրագրումը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախարարի ուշադրութիւնը հրաւիրեց` Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի դեսպաններու աւանդական հանդիպումի ընթացքին  դիւանագէտներուն տրուելիք յանձնարարականներուն վրայ՝ ուղղուած յատկապէս տնտեսութեան բնագաւառին մէջ հետեւողական եւ աշխոյժ աշխատանքին՝ նկատի առնելով կառավարութեան նոր ծրագիրը եւ երկրին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումները: Սարգսեան նաեւ  Նալպանտեանին յանձնարարեց դեսպաներու յաջորդ դեսպանահաւաք կազմակերպել Հայաստանի մէջ: Նախագահը նաեւ իր մօտեցումները ներկայացուց տնտեսական դիւանագիտութեան աշխուժացման աշխատանքին վերաբերեալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին