Օրերս Դանիոյ Թաւլով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ Ղուկասեանի «Փնտռտուքներու ճանապարհին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի հերթական շնորհահանդէսը, որուն մասնակցեցան տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Համայնքի այս նախաձեռնութիւնը, որուն մէջ մասնաւորապէս մեծ է Անահիտ Կարապետեանի դերը, հրաշալի միջոց էր ո՛չ միայն հեղինակին աշխատութեան ծանօթանալու, այլեւ՝ միջհամայնքային փոխյարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու եւ սերտացնելու համար:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն կազմակերպիչները` ձեռնարկը բացաւ Անահիտ Կարապետեան, որ հակիրճ ներկայացուց հեղինակը եւ անոր աշխատութիւնը, որուն շնորհահանդէսն արդէն տեղի ունեցած է բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ: Կարապետեանի խօսքին հետեւեցաւ Սիլկեպորկի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաներու` Զաւէնի եւ Վահէի, ասմունքը ժողովածուի ստեղծագործութիւններէն:
Սպանաբնակ հայ գրող Արարատ Ղուկասեան, որ նաեւ կը ներկայացնէ Վալենսիոյ հայ համայնքը, բացի ժողովածուն ներկայացնելէն, հետաքրքիր տեղեկութիւններ հաղորդեց Սպանիոյ հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ հայկական պատմական հետքին մասին: 40-է աւելի հայ հանդիսատեսները մեծագոյն հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին հիւրին եւ բազմաթիւ հարցեր ուղղեցին անոր` գիրքին եւ սպանահայութեան մասին:
Հեղինակին խօսքին հետեւեցաւ Նարա Խաչատրեանի ասմունքը, որմէ ետք ներկաները ճաշակեցին հայկական ուտեստներով հիւրասիրութիւն, որուն մէջ մեծագոյն ներդրում կատարած էին Սիլկեպորկ բնակող Անահիտի ծնողները` Գէորգ եւ Գոհար Կարապետեանները:
Արարատ Ղուկասեանի «Փնտռտուքներու ճանապարհին» գիրքի Դանիոյ մէջ կազմակերպուած շնորհահանդէսի նախաձեռնութեան իրենց մեծագոյն ներդրումը ունեցած են նաեւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս` Խորէն Պօղոսեանն ու Հերմինէ Քէնելեանը: Հեղինակի գիրքի շնորհահանդէսներ յառաջիկային տեղի կ’ունենան այլ երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ, որոնց մասին կը տեղեկացնենք յաջորդիւ: