ՄԱԿ–ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուերը յիշեցուցած է, որ դեռեւս գոյութիւն ունի այնպիսի երեւոյթ, ինչպիսին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումն է, կը յայտնէ ԱՄՆ հայ դատի յանձնախումբը:
Ուաշինկթընի մէջ Նոպէլեան մրցանակակիր Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ անդրադարձ կատարուած է ցեղասպանութիւններու թեմային:
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, անոր կեանքի օրօք տեղի ունեցած սարսափները` Փոլ Փոթը, Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան ապրեցաւ, որ տեսնէ, որ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ անլսելի վայրագութիւններու վկաները դառնան, ան նաեւ տեսած է, որ դեռ շատ անտարբերութիւն կը մնայ աշխարհի մէջ»,– ըսած է Փաուերը: