Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Հայ Պատանի Երգահաններու Ստեղծագործութիւնները Պիտի Հնչեն Պելճիքայի Մէջ

Հայաստանի երգահաններու միութեան եւ «Վիթրաժ» միջզգային փառատօնին համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ հայ պատանի երգահաններու ստեղծագործութիւնները պիտի հնչեն Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net -ը:

Դեկտեմբեր 15-ին կայանալիք համերգին պիտի ներկայացուին Էդուարդ Միրզոյեանի անուան պատանի երգահաններու մրցոյթին բոլոր ժամանակներու մրցանակակիրներու ստեղծագործութիւնները, որոնք պիտի կատարուին Պրիւքսէլի մէջ գործող Պ․Ի․ Չայքովսկիի անուան երաժշտական դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:

Համերգը նուիրուած է մեծանուն հայ երգահան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Էդուարդ Միրզոյեանի 95-ամեակին: Ձեռնարկը կեանքի կը կոչուի Պրիւքսէլի մէջ գիտութեան եւ մշակոյթի ռուսական կեդրոնին հետ համատեղ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին