Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբեր 1-ի ժամը 08.00-ի կողմերը Հայաստանի տարածքի ճամբաները անցանելի են:
Դժուարանցանելի են Ջաջուռի ոլորանները, Քեթիի ոլորանները եւ Արթիկ-Սարալանջ ճամբան:
Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին, Ապարանի եւ Արագածի տարածաշրջաններուն, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Չարենցաւան, Աբովեան քաղաքներուն, Շիրակի մարզի Կիւմրի քաղաքին, Աշոցք եւ Ախուրեան համայնքներուն, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքին մէջ, Դիլիջանի ոլորաններուն վրայ ձիւն կը տեղայ:
Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն` Լարսի անցակէտը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներուն համար: