Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

ԵՄ Խորհուրդը Հայաստանի Հետ Օդային Հաղորդակցութեան Մասին Բանակցութիւններու Մեկնարկը Տուած է

ԵՄ երթեւեկութեան, հեռահաղորդկացման եւ ուժանիւթի խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Դեկտեմբեր 1-ին Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան մասին համապարփակ համաձայնագիրին:

Հայաստանի հետ փաստաթուղթը պիտի ըլլայ ընդհանուր օդագնացութեան գօտիի մասին համաձայնագիրի ձեւով, քանի որ Հայաստանը մէկն է այն երկիրներէն, որոնց հետ ԵՄ–ն մտերիմ յարաբերութիւններ կը կառուցէ հարեւանութեան քաղաքականութեան միջոցով, ըսուած է ԵՄ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհրդի նախագահ Արփադ Էրշէկը ողջունած է բանակցութիւններ սկսելու որոշումը: Անոր խօսքով` համաձայնագիրը պիտի նպաստէ զբօսաշրջիկներու աշխոյժ փոխանակման, աւելի ցած գիներուն եւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ գործարարութեան համար: «Համաձայնագիրը Հայաստանի եւ ԵՄ–ի միջեւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան հիանալի օրինակ պիտի դառնայ»,– ըսած է ան:

Յանձնաժողովը բանակցութիւններ պիտի վարէ Եւրոմիութեան անունէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին