Հաշուեքննութիւն եւ խորհրդատուութիւն մատուցող «Grant Thornton France» կազմակեպութեան բաժնետէր, Նիցցայի մասնաճիւղի նախագահ Արման Փինարպասին միացած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան:
Աւելցնենք, որ Արման Փինարպասին եղած է Հայ -ֆրանսական գործարարութեան ակումբի նախագահը, Հայաստանի մէջ Դանիոյ Թագաւորութեան պատուաւոր հիւպատոսը: 2010-ին անոր շնորհուած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան «Արժանիքի համար ազգային շքանշան»: Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած պարգեւատրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: