Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Մոսկուայի Մէջ Կը Մեկնարկէ ԱՊՀ Երկիրներու Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի Նիստը

Մոսկուայի մէջ ընթացք կ’առնէ ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի 71-րդ նիստը:

Վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւնները՝ TASS գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ նիստին կը մասնակցին Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխըզիստանի , Ռուսիոյ, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի պաշտպանութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի, ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ՊՆ խորհուրդի քարտուղարութեան, ԱՊՀ Հակա-ահաբեկչական կեդրոնի եւ ԱՊՀ սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի համակարգող ծառայութեան ներկայացուցիչները:

Նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին 20 հարցեր, որոնք կը վերաբերին պաշտպանութեան նախարարութիւններու փոխգործակցութեան տարբեր ուղղութիւններուն: Կը նախատեսուի ամփոփել 2016-ի գործունէութեան արդիւնքները եւ ծրագրաւորել 2017-ի համատեղ աշխատանքը, ներառեալ` ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները:

Նաեւ կը նախատեսուի որոշումներ ընդունիլ հակա-օդային պաշտպանութեան միաւորուած համակարգի, կապի համակարգի զարգացման, մարդասիրական ականազերծման ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման, զինուորական աստիճանի ուսուցման, մարտական պատրաստութեան համատեղ ձեռնարկներու իրականացման հարցերու, ինչպէս նաեւ՝ ԱՊՀ ձեւաչափով ռազմամարզական եւ կրթական ձեռնարկներու վերաբերեալ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին