ԾԽ.Լիբանանահայ մշակութային կեանքի մէջ ծանօթ անուն մըն է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի տաղանդաւոր պարուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանը: Անոր բեմադրութիւնները ոչ միայն յաղթանակ կը համարուին հայ պարարուեստի համար, այլեւ` նոր գագաթներու նուաճում:
Լիբանանահայութիւնը Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի, 2-3-4 Դեկտեմբեր 2016-ին, Էմիլ Լահուտի անուան համագումարներու պալատին մէջ, ականատես պիտի դառնայ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Արին պարախումբի նոր համոյթին: Այս առիթով, զրոյց մը ունեցանք Գայիանէ Մածունեանին հետ: Շահեկան այս զրոյցը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք մեր յարգելի ընթերցողներուն:
Հարցում-Խորագիր մը ընտրած էք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի այս ելոյթին առիթով: Կրնա՞ք բացատրել Հայոց Հովիկ խորագիրին ընտրութիւնը:
Պատասխան.- «Հայոց Հովիկը» հայրենի ծանօթ երաժիշտ, յօրինող, մանկավարժ Խաչատուր Աւետիսեանի գործերէն մէկն է: Մարդոց մօտ յաճախ շփոթ յառաջացած է Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններուն շուրջ: Շատեր կ’երգեն անոր երգերը առանց ծանօթ ըլլալու հեղինակին անունին: Ոմանք ժողովրդական երաժշտութիւն կ’անուանեն զանոնք, առանց երբեք գիտնալու, թէ Խաչատուր Աւետիսեանն է անոնց հեղինակը:
Հայրենի երաժշտութիւնը շատ բան կը պարտի Խաչատուր Աւետիսեանին: Անոր ներդրումը մեծ եղած է ժամանակակից ազգային երաժշտութեան, հայ երգի եւ պարարուեստի զարգացման յառաջընթացին մէջ: Հայկական հով մը կը փչէ անոր երգերուն եւ ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Հարցում- Ինչո՞ւ ընտրեցիք Խաչատուր Աւետիսեանը:
Պատասխան- Պէտք է ըսել, որ Խաչատուր Աւետիսեանը հանրածանօթ անուն մըն է հայ երաժշտութեան մէջ, սակայն շատերու պարագային, ինչպէս նաեւ Արին պարախումբին համար նորութիւն մըն է: Մենք բնաւ չենք բեմականացուցած անոր երաժշտութիւնը: Փորձ մը որոշեցի կատարել: Պէտք է ընդունիմ, որ ճաշակի եւ անձնական ընտրութեան հարց մըն ալ գոյութիւն ունէր: Որքան ալ ծանօթ ենք անոր երաժշտութեան, որոշեցի նոր շունչով ներկայացնել Խաչատուր Աւետիսեանը, փորձելով դուրս գալ աւանդականէն: Ըսելիք չունիմ ցարդ ներկայացուող բեմադրութիւններուն մասին: Բոլորն ալ յաջող են եւ գնահատելի, բայց այս չի նշանակեր, որ երեսուն-քառասուն տարի պիտի շարունակենք բեմադրել միեւնոյն ոճովը: Փորձած եմ տարբեր ենթահողի վրայ ներկայացնել Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութիւնը: Մէկ խօսքով՝ նոր մեկնաբանութեամբ: Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութիւնը պահպանելով, ժողովրդական եւ ճազային մեկնաբանութիւններու համադրութիւն մը փորձած եմ, նոր շունչով երանգաւորած եմ Խաչատուր Աւետիսեանը:
Հարցում- Քիչ մը Արին պարախումբի նախապատրաստութիւններուն մասին խօսինք:
Պատասխան- Մեծ սիրով: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբը պիտի կատարէ 18 պար: Հանդիսատեսը բեմին վրայ պիտի դիտէ 135 պարման-պարմանուհիներ: Տարազները նոր են մեծամասնութեամբ: Նշեմ, թէ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտական ստեղծագործութիւններուն մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցած են տարազները: Գոյներու բազմազանութիւնը զուգահեռ կ’ընթանան տարազներու ընտրութեան: Ինքս, գոյներու խորհրդապատկերներ կը տեսնեմ երաժշտութեան մէջ: Մի զարմանաք եթէ ըսեմ մինչեւ իսկ տարազներու կերպասին տեսակը կը նախազգամ երաժշտութեան մէջ: Մէկուկէս ժամուան ընթացքին հանդիսատեսը պիտի վայելէ գոյներու եւ տեսարաններու ճոխ համադրութիւններ:
Հարցում- «Հայոց Հովիկ» համոյթի միջոցով ի՞նչ պատգամ կը փոխանցէք հանդիսատեսին:
Պատասխան- Նախ յայտնեմ, թէ ինծի համար անփոխարինելի կը մնայ հայկական պարը: Արին պարախումբը միշտ ալ հայկական պար հրամցուցած է հանդիսատեսին: Այս մէկը խիստ սկզբունքային հարց մըն է: Ինչո՞ւ օտար պարեր ընտրենք, երբ ունինք հայկականը:
Միւս կողմէ, բաւական լուրջ մարտահրաւէր մըն էր նախնական վիճակի մը վերադառնալու հարցը: Ժողովրդական պարի դասընթացքներու հետեւելով հանդերձ, իմ ոճս հեռու է ժողովրդականէն: Այս ելոյթին մէջ կը փորձեմ յստակ զանազանութիւն դնել ազգագրական եւ ժողովրդական պարարուեստներուն միջեւ: Անոնք տարբեր ոլորտներ են: Աշակերտներս փոխադրեցի յատակագիծի մը վրայ, որ այնքան ալ մատչելի կրնար չըլլալ անոնց համար:
Կրնա՞նք երաժշտական տարբեր ձեւերով մեկնաբանել Խաչատուր Աւետիսեանը, եթէ այո, ուրեմն հարուստ երաժիշտ մըն է ան: Կոմիտասի արժանիքներէն մէկն ալ այն է՝ կրնաք տարբեր մեկնաբանութեամբ մատուցել անոր երաժշտութիւնը, բայց արժէքը կը մնայ անփոփոխ: Կոմիտասը ռոքի կամ ճազի վերածելով, հեղինակի արժէքէն բան չի պակսիր, ընդհակառակը՝ ճազը կամ ռոքը կը հարստանայ: Խաչատուր Աւետիսեանի ծանօթ երգերով նոր բան մը փորձած եմ ըսել հանդիսատեսին:
Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութիւնը մաքուր եւ պայծառ է : Պարախումբի անդամ-անդամուհիները ուրախութեամբ ընկալեցին զայն: Այս իրողութիւնը շատ յատկանշական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր նախապատրաստութիւններուն վրայ: Իսկ ընդհանրապէս, որքա՜ն մեծ ուրախութիւն է, երբ մեր պարախումբի անդամ-անդամուհիները պարարուեստի ճանապարհով կը ծանօթանան հայ մշակոյթին: Ինծի համար հրճուանք է այս երեւոյթը:
Վստահ եմ, որ հանդիսատեսը հարազատութիւն եւ անմիջական ջերմութիւն մը պիտի զգայ մեր ելոյթէն:
– Հարցում- Յաջողութիւն կը մաղթենք յայտնապէս Ձեզի եւ Արին պարախումբի աշխատանքներուն:
– Պատասխան -Շնորհակալութիւն: Այս առիթով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ունիմ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Արին պարախումբի վարչութեան, որոնք ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, ոչ մէկ ճիգ խնայեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի ելոյթներուն յաջողութեան:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ