Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Հայ-ռուսական Միացեալ Զօրախումբի Մասին Պայմանագիրը Ստորագրուեցաւ

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Վիգէն Սարգսեանն ու Սէրկէյ Շոյգուն Նոյեմբեր 30-ին ստորագրած են հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի մասին համաձայնագիրը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարած է, որ միացեալ զօրախումբի կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի եւ հայաստանեան ռազմական ստորաբաժանումներ, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Նոյեմբեր 14-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հաւանութիւն տուած էր միացեալ զօրախումբի ստեղծման:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները Նոյեմբեր 30-ին ստորագրած են նաեւ երկու նախարարութեան համագործակցութեան 2017 ծրագիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին