*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանի Անկախութեան Տօնը անցաւ: Ահաւասիկ Դեկտեմբեր ալ մտանք. մինչ տակաւին կը յամենայ կառավարութեան խորհուրդի կազմութիւնը:
Ըստ երեւոյթին հանգոյցը աւելի սեղմ է, քան այն ինչ որ կ’ենթադրուի: Կը խօսուէր լիբանանեան ուժերու եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անհամաձայնութեան մասին՝ Հանրօգուտ շինութեանց նախարարի աթոռը ձեռք ձգելու ի խնդիր: Շուտով յայտնի դարձաւ, որ կայ այլ թնճուկ մը. Սլէյման Ֆրանժիէի պնդումը՝ ունենալու կարեւոր նախարարութիւն մը, ինչպէս՝ ուժանիւթի կամ հաղորդակցութեանց: Հետեւաբար հարցը աւելի քան կողմ մը գոհացնելու մէջ կը կայանայ, նաեւ ուշադիր ըլլալով չնեղացնել բոլորովին այլ կողմ մը:
Եւ այսպէս, սիրելի՛ ընթերցող, քաշքշուքը կը շարունակուի, որուն աւելի եւս երկարաձգումը կրնայ մեծ ապտակ մը տալ նախագահական ընտրութիւններով յուսացուած նոր հանգրուանին…: