Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Անկախութիւն բառը իր մէջ կը պարփակէ մեծ իմաստ, որ կարելի չէ զայն բնորոշել մէկ եւ ընդհանրական միտքի մը մէջ: Իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով կ’ընկալէ զայն եւ կը դաստիարակուի ըստ այդ ուղղութեամբ, որ ինք ընտրած է:

Անկախութիւնը կը շնորհուի այն անհատին, որ իսկապէս պայքարած ու չարչարուած է յանուն այդ վեհ գաղափարին հասնելու:

Երկրի մը անկախութիւնը իր հերթին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ անհատի մը հոգեմտաւոր կազդուրման եւ ազատ արտայայտուելու ու կերտելու իր ապրելու ուղիին:

Խիստ կարեւոր է փոքրիկներու միտքին մէջ եւս յստակացնել եւ ամրապնդել անկախութեան գաղափարը ու անոր կարեւորութիւնը: Այս տարի տօնակատարութիւնը եղաւ յատուկ, որովհետեւ աշակերտներու պատրաստած  յայտագիրին կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան բանակի զինուորական նուագախումբը ղեկավարութեամբ՝ աւագ տեսուչ Սամի Յակոբեանի:

Յիշատակելի այս օրը՝ Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին,  վարժարանին մէջ կը տիրէր խանդավառ եռուզեռ մը: Վարժարանիս Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներու ցուցմունքներուն հետեւելով, իւրաքանչիւր անձ գործի գլուխն անցած կ’ուզէր լաւագոյնը տալ` պատշաճ ձեւով ընդունելու համար լիբանանեան հայրենիքի զինուորական նուագախումբը:

Հանդիսութեան ներկայ էին ՌԱԿ լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ: Աշակերտները դպրոցի հանդիսասրահին մէջ լիբանանեան, հայկական եւ վարժարանի քայլերգները երգելէն ետք, դիմաւորեցին զինուորական նուագախումբը: Արաբերէն լեզուի դասատու տիկ. Նաժուա Եազպէք բարի գալուստի խօսքով վեր առաւ անկախութեան վեհ գաղափարը՝ մէկ դրօշակի տակ վերակազմաւորման եւ վերամիաւորման կոչ ուղղելով: Ապա, վարժարանիս աշակերտական երգչախումբը ղեկավարութեամբ երգի ուսուցիչ՝ Պր. Գէորգ Քէշիշեանի, զինուորական նուագախումբին ընկերակցութեամբ ներկայացուց լիբանանեան ազգային եւ ժողովրդական երգեր: Ապա խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին ազգագրական լիբանանեան պար (տապքէ):

Յայտագիրի վերջաւորութեան վարժարանիս տնօրէնուհին փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն: Ապա Վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետը յուշանուէր մը յանձնեց նուագախումբի ղեկավարին, իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները խաղաղութիւնը խորհրդանշող ճերմակ վարդեր փոխանցեցին նուագախումբի անդամներուն:

Հաճելի էր տեսնել աշակերտները, որոնք մեծ ուրախութեամբ կը դիտէին իրենց ներկայացուածը եւ խանդավառութեամբ կը մասնակցէին իրենց ծափողջոյններով:

Իսկ Վարժարանիս Մանկապարտէզի փոքրիկները Լիբանանի անկախութեան տօնը նշեցին յատուկ ձեւով: Անոնք արդէն քանի մը օր առաջ միասին բերած էին լիբանանեան ուտեստեղէնի պաշարներ ինչպէս՝ բակլա (ֆուլ), սիսեռախոյս (հոմմոս), ձիթենիի ձէթ(զէյթ զէյթուն), ծոթրին(զաաթար), եւ այլն: Իսկ վերջին օրը կորնթարդ տապակի (սաժի) վրայ միասնաբար եփեցին ու համտեսեցին նշանաւոր լիբանանեան ծոթրինով հացը (մանաիշ). երգեցին ու պարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր(տապքէ լըպնանիյէ) ու իրենց պատրաստած ձեռայիններով՝ լիբանանեան դրօշակէ փողկապներով եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան տուն:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
  Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին