Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

«Գասթրօն Եւ Կեւարան Քու Արեւելեան Եւրոպայի Ստրուկներուդ Չեն Նմանիր. Անոնք Իսկապէս Ամերիկան Պիտի Հարուածեն Հիւլէական Զէնքերով…». Անատաս Միկոյեանի Հեռագիրը Նիքիթա Խրուշչեւի

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Այս օրերուն համաշխարհային մամուլն ու զանգուային լրատուութեան միջոցները լայնօրէն կ’անդրադառնան լատինական աշխարհի յեղափոխական շարժման պարագլուխ՝ ֆիտէլ Գասթրոյի մահուան եւ անցած կեանքի պատմական դրուագներուն: Ան է որ « կրանմա» զբօսանաւով ցամաք ելլելով գուպայի, յետագային՝ «Ազատութեան կղզիին ափերը», կարողացաւ վերջ տալ Պաթիստթայի բռնատիրական վարչակարգին ու խառնածիններէն, սեւամորթներէ, սպանացիներէ եւ իտալացիներէ բնակուած այս երկիրը դարձնել իսկապէս ազատ անկախ իր կշիռն ու դերը ունեցող՝ միջազգային քաղաքականութեան մէջ:

Սակայն ոչ ոք, նոյնիսկ Մայր հայրենիքի նժդեհեալ պատմաբաններէն, որոնք նացիստական գործակալները այսօր դարձուցած են ազգային հերոսներ, մոռցած են հայազգի այն մեծ քաղաքական անձնաւորութիւնը, որ 1961-62 «Գարիպեան ճգնաժամ»ի օրերուն մեր երկրագունդը փրկեց կործանումէ, հիւլէական ահաւոր պատերազմէ, երբ համոզեց սովետական հիւլէական եւ ջրածնային գլուխներով օժտուած հրթիռներով Գուպան՝ որ զանոնք չօգտագործէ միայն 300 քլ.է անդին գտնուող ԱՄՆ-ի քաղաքներուն դէմ:

Արդարեւ, անկախութիւն ստացած Գուպան, «աչքի փողը» դարձած էր Ուաշինկթընի, երբ Ֆիտէլ եւ Ռաուլ Գաստրօներ, Էրնեսթօ «Չէ» կեւարա եւ յաղթանակած յեղափոխական կառավարութիւնը ճարահատ դիմեցին Մոսկուային՝ զիրենք պաշտպանելու համար «Սի Այ Էյ»ի եւ «փենթակօն»ի դաւերէն, որոնք նախագահ Ճոն Քենետիի օրօք իսկ կազմակերպեցին «Խոզերու  ծովախորշ»ի արկածախնդրութիւնը, չարաչար պարտութեան մատնեցին գուպացի եւ սովետ զինուորական մասնագէտներու կազմած ինքնապաշտպանական ծրագիրին միջոցով, ուր նաեւ մեծ դեր խաղաց Արտեմ Միկոյեանի հռչակաւոր «Միկ-15» հալածիչները:

Որպէս պատասխան ՆԱԹՕ-ի՝ Թուրքիոյ մէջ տեղակայած հրթիռներուն, ուղղուած նաեւ խորհրդային Հայաստանի դէմ, Մոսկուա կործանիչ հիւլէական եւ ջրածնային հրթիռներ տեղակայեց Գուպայի մէջ, նախապատրաստելով հաւանական 3-րդ համաշխարհային պատերազմի, մանաւանդ որ « Սփոթինք»ը արդէն անջրպետ արձակուած էր եւ Եուրի Կակարին ու Կերման Թիթովը դարձած էին առաջին աստղանաւորդները մարդկային պատմութեան մէջ:

Խ. Միութեան ղեկավար Նիքիթա Խրուշչեանի այցը ԱՄՆ բաւական լայն յոյսեր ներշնչած էր բոլորին, սակայն շուտով, Ամերիկան լրտեսական «Եու -2»-ի վառ առուիլը Սվերտլովսքի վրայ, «Սա-2» հրթիռով, շիկացուց ցուրտ պատերազմի մթնոլորտը:

Ամերիկեան նաւատորմը ծովային պաշարման ենթարկեց Գուպան՝ արգիլելով խորհրդային որեւէ բեռնատար նաւի մուտք գործելը գարիպեան ջուրեր: Տարիներ ետք, ԱՄՆ-ի նախագահ, այն ժամանակ «Սի Այ Էյ»ի լրտես Ռոնալտ Ռիկան խոստովանեցաւ, թէ խորհրդային «կրկնակի գործակալ» Փենքօվսքի Գուպայի հիւլէական հրթիռներու մասին գաղտնիքներ ծախած է իրենց, որուն պատճառով ալ ձերբակալուած ու գնդակահարուած է Լուպլիանքայքի (խորհրդային Քա Կէ Պէ-ի կեդրոն) մէջ՝ հրապարակային դատավարութենէ ետք:

Մինչ երկրագունդը թաւալգլոր կ’ընթանար դէպի համաշխարհային պատերազմ, Խ. Միութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Անաստաս Միկոյեան կը թռչի դէպի Գուպա, իր որդւոյն Սերգոյի հետ, որուն քանի մը տարի առաջուան յուշերէն շատ բան կ’իմանանք հայ քաղաքական մեծագոյն գործիչին բանակցելու եւ համոզելու մեծ տաղանդին մասին:

Ան ի վերջոյ կը համոզէ Ֆիտէլ Գասթրօն եւ 20-րդ դարու լատինական Ամերիկայի «Քրիստոս» Էրնէսթօ «Չէ» Կեւարան, որ խաղաղութեան բանակցութիւններու մասնակցին, զերծ մնան իրենց կղզիին վրայ խորհրդային աշխարհագործան հրթիռները գործածելու, որովհետեւ առաջին թիրախը անոնց պիտի ըլլայ Միամին..:

Խորհրդահայ հմուտ դիւանագէտ ու ղեկավար կը հեռագրէ բնաւորութեամբ կոպիտ Նիքիթա Խրշուտեանին, ըսելով թէ «Գասթրօն եւ Կեւարան քու Արեւելեան Եւրոպայի ստրուկներուդ չեն նմանիր. անոնք իսկապէս Ամերիկան պիտի հարուածեն հիւլէական զէնքերով…»:

Այս ջանքերուն շնորհիւ, ի վերջոյ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը, խրթին բանակցութիւններէ ետք կը հասնի քանի մը որոշումներու՝ խորհրդային հրթիռները ետ քաշել Գուպայէն, միաժամանակ ամերիկեան հրթիռներն ալ՝ Թուրքիայէն, եւ երբեք այլեւս չզաւթել Գուպան եւ ձգել որ ժողովուրդը ինք ընտրէ իր ազատութիւնը:

Այս օրերուն կը մահանայ Անաստաս Միկոյեանի տիկինը՝ Աշխէն, հայ դիւանագէտը կնոջ գերեզմանը կ’այցելէ Գարիպեան ճգնաժամը վերջանալէն ետք, Նոյեմբեր 1962-ին ճանապարհէն ալ ինքնաթիռէն շարժիչը կրակ կ’առնէ ու կը պարտաւորուին վայրէջք կատարել Իսլանտայի մէջ եւ ինքնաթիռը փոխելով ապահով կը վերադառնան հայրենիք:

Այս բոլորը չի մոռնար Ֆիտէլ Գասթրօն, ու հայ բոլոր մարզիկները, արուեստի թէ մշակոյթի գործիչներ, որոնք Հայաստանէն կու գային՝ անձնապէս կ’ընդունի ու կը պատուէ:

Mikoyan negotiating with Fidel

Anastas Mikoyan-Cuba

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին