Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 25-ին, Դադիվանք գիւղի մօտակայքը գտնուող Սուրբ Աստուածածին միջնադարեան վանական համալիրի տարածքին մէջ, հանդիպում ունեցած է «Ճանաչենք մեր երկիրը» երիտասարդական արշաւի մասնակիցներուն հետ:
Արցախի Հանրապետութան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդմամբ` նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ նման արշաւները դարձած են աւանդական` կարեւոր նկատելով զանոնքմատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հարազատ երկրի պատմութիւնը, մշակոյթը, բնութիւնը ճանչնալու, ընկերական կապերը ամրապնդելու տեսանկիւններէն:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուած են նաեւ երկրի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն, սահմանադրական բարեփոխումներու ընթացքին, երիտասարդական քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:
Նոյն օրը Նախագահ Սահակեան այցելած է Թալիշ գիւղ ու տեղւոյն վրայ ծանօթացած այնտեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին: