Անթանանարիվոյի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովը 27 Նոյեմբերին ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր Հայաստանի առաջարկով ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
«Կոչ կ’ուղղենք տագնապի բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել խաղաղ լուծման հոլովոյթը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու հիման վրայ` մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», ըսուած է միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ: