Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են արտասահմանեան ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչ երկու լրագրող` BBC-ի թրքական ծառայութեան թղթակից Հատիս Քամերը եւ «Ամերիկայի ձայն» ռատիօկայանի աշխատակիցը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը, վկայակոչելով Russia Today-ը։
Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Տիարպեքիր եւ Շիրվան քաղաքներուն մէջ: Ըստ աղբիւրին` լրագրողներուն չեն յայտնած ձերբակալութեան պատճառը:
Նշենք, որ Նոյեմբերի սկիզբը Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած էր 52-ամեայ ֆրանսացի լրագրող Օլիվիէ Պերդրանը, որ աւելի ուշ արտաքսած էին հայրենիք:
Թուրքիոյ մէջ, այս տարուան Յուլիսին տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման անյաջող փորձին գործով, հետաքննութեան ծիրէն ներս՝ երկրին մէջ ձերբակալուած են տասնեակ լրագրողներ: Բացի այդ` իշխանութիւնները փակած են շուրջ 100 լրատուական գործակալութիւն: