Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ֆլամենքոյի Ֆրանսահայ Աստղ Լոռի Լա Արմենիայի Ներկայացումը Երեւանի Մէջ

Նոյեմբեր 19-ին, Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ իր նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցած է ֆլամենքոյի, յատկապէս այդ պարի պուլերիա ոճի լաւագոյն կատարողներէն մէկը նկատուող ֆրանսահայ աստղ Լոռի Պաղտասարեան, որ բեմական Լոռի Լա Արմենիա անունով ծանօթ է: Այդ անունը իրեն շնորհած է իր ուսուցիչ Մանուելա Մոնօ Գարփիօ, ըստ աւանդութեան, կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Այս ելոյթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ: Հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններ զինք հրաւիրած են՝ ներկայացնելու համար իր անձը եւ նախասիրած արուեստը: Նաեւ բազմաթիւ թերթեր անդրադարձած են երեւոյթին, իր հետ հարցազրոյցներ կատարած:

Հեռատեսիլի յայտագիրներու իր մասնակցութեան եւ գրաւոր մամուլին տուած իր բացատրութիւններուն մէջ շնորհալի պարուհին կ՚ըսէ, թէ 12 տարեկանին սիրահարած է սպանական ժողովրդական ֆլամենքօ պարին, 18 տարեկանին հաստատուած է Սպանիա իր սիրած արուեստը կատարելագործելու համար: Հոն 10 տարի ապրած է Խերեսի եւ Սեւիլլայի սպանացի ցիկաններուն հետ եւ իւրացուցած՝ պարին գաղտնիքները:

Լոռի, տուած հարցազրոյցներուն մէջ կը նշէ, թէ արուեստը ֆիզիքական սահմաններու հարց չէ, «երկիրը չէ, այլ մարդն է, որ կը բարձրացնէ արուեստը»։ Ան կ՚անդրադառնայ իր արմատներուն, ըսելով՝ «100% Հայ եմ։ Իմ նախնիքս աքսորուած Արեւմտահայեր են, բայց իմ կազմաւորման վրայ դեր խաղացած են բազմաթիւ ազդակներ։ Օրինակ, Միջին Արեւելքը, նկատի ունենալով, որ իմ ծնողներս Լիբանանէն Ֆրանսա գաղթած են։ Ֆրանսան՝ ինք ալ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ վրաս, որովհետեւ հոն ծնած եմ, հոն մեծցած։ Ռումանա-ցիկանական մշակոյթը իմ վրաս ներգործած է նաեւ այն հանգամանքի բերումով, որ փոքր տարիքիս ունեցած եմ ցիկան երաժիշտներու ընտանիքի անդամ դրացուհի մը, որ պարբերաբար կը զբաղէր իմ խնամքով, երբ ծնողներս աշխատանքի էին։ Չմոռնանք, որ ֆլամենքօն աքսորեալներու հոգեկան ապրումներու դրսեւորումն է, եւ ես, ըլլալով աքսորեալ ժողովուրդի շառաւիղ՝ հմայուած եմ այդ արուեստով»։
Լոռի կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի մէջ ֆլամենքոյի դպրոց մը հիմնելու իր ծրագիրին ըսելով. «այդ ծրագիրը միշտ միտքս է, կը հետեւի ինծի։ Ատոր համար հարկ է շատ լուրջ աշխատանք, ժամանակ եւ ջանք։ Բայց ըսեմ, որ արդէն կապեր հաստատած եմ որոշ անձերու հետ՝ այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։ Կը հիանամ Նորայր Մեհրապեանի ստեղծագործութեան եւ կ՚երազեմ գալ Երեւան եւ գործակցիլ իրեն հետ, պարային բեմականացման ծրագիրի մը շուրջ»։
Նշենք նաեւ, որ Լոռին պարագրութիւններ կը յօրինէ: Օրինակ՝ Շառլ Ազնաւուրի « La Bohème » երգին վրայ ստեղծագործած է նոր պար մը, զոր ներկայացուցած է երեւանեան իր ելոյթի ընթացքին, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Ան նաեւ հայկական տուտուկը ներմուծած է ֆլամենքոյի աշխարհ եւ յօրինած անոր յարմար նոր պարագրութիւններ, ինչ որ մեծ ընդունելութիւն գտած է այդ պարարուեստի երկրպագուներուն մօտ (festival Arté Flamenco-ին):

Պարուհին ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դերեր ստանձնած է թատերական (compagnie Irina Brook) եւ օփերայի (Ժիրայր Փափազեանի կողմէ բեմադրուած «Կարինէ»-ին) ներկայացումներու, ինչպէս նաեւ Կիյոմ Կալիէնի «Guillaume et les garçons à table» ժապաւէնին մէջ: 2014-ին, Ֆրանսայի Նիմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ֆլամենքոյի պուլերիա ոճի կատարողներու մրցումին ընտրուած է լաւագոյն պարուհի:

2010-ին ֆլամենքօն Եունէսքօ-ի կողմէ ընդգրկուեցաւ մարդկութեան բանաւոր եւ ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին