Նոյեմբեր 22-ին Սիւնիք մարզի Եղէգի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Պարզապէս հայուհի մըն եմ» խորագիրը կրող ձեռնարկ` նուիրուած հայ առաջին վիպասանուհի, արեւմտահայ գրող, հրապարակախօս եւ հասարակական-մանկավարժական գործիչ (Սրբուհի Վահանեան) Սրբուհի Տիւսաբի 175-ամեակին, կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիներ՝ Մ. Կոստանեանն ու Մ. Ադամեանը, ներկայացուցին Ս. Տիւսաբը` որպէս «Հայ գրականութեան նահապետուհի», «Հայ ֆեմինիզմի աւանգարդ», կարեւոր համարելով անոր անուրանալի ներդրումը մեր հասարակական կեանքին մէջ: Այնուհետեւ աշակերտները անդրադարձան Տիւսաբի կեանքին եւ ստեղծագործութեան ուշագրաւ դրուագներուն` զուգահեռ դիտելով slide show-ն, իսկ միւսները հանդէս եկան անոր երեք` «Մայտա», «Սիրանոյշ», «Արաքսիա կամ վարժուհին» վէպերու գաղափարական վերլուծութիւններով:
Ձեռնարկի աւարտին Մ. Կոստանեան բարձրաձայնեց հայ իրականութեան մէջ կանանց իրաւունքներու առաջին գաղափարախօսներէն Ս. Տիւսաբի արծարծած միտքերը` նշելով, որ չնայած ժամանակակիցները, ի նշան երախտագիտութեան, անոր կը պսակէին «ազգասէր» մակդիրով, բայց ինք աւելի համեստ տեղ կու տար ինքզինքին. «Պարզապէս հայուհի մըն եմ, որ յօգուտ ազգին կ’աշխատիմ դոյզն-ինչ, ինչպէս կ’աշխատին միւս հայուհիները…»:
Յիշեցնենք, որ Սրբուհի Տիւսաբ ընդգրկուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը-2016» ծրագիրին: