Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

ՀՀԿ Նախագահ Ընտրուեցաւ Սերժ Ազատի Սարգսեանը

Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 16-րդ համագումարը, որու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը վերընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան: ՀՀԿ համագումարի ընթացքին ՀՀԿ նախագահի պաշտօնին առաջադրուեցաւ միայն ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:

Անոր թեկնածութիւնը առաջադրեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը: Ան նշեց, որ հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ, ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանի քաղաքական հարուստ փորձը եւ իրենց մեծ վստահութիւնը անոր նկատմամբ՝ առաջարկեց Սերժ Սարգսեանին թեկնածութիւնը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին համար: ՀՀԿ նախագահի քուէարկութիւնը կատարուեցաւ բաց ձեւաչափով:

0A0F0406-5649-494E-94C3-F25CCFF6025C_cx0_cy9_cw0_w987_r1_s_r1

Քանի որ այլ թեկնածուներ չառաջադրուեցան՝ համագումարի պատուիրակները միաձայն կողմ քուէարկեցին, որու  արդիւնքով Սերժ Սարգսեանը վերընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ: ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ քաղաքական կառոյցի ՀՀԿ նախագահի պաշտօնին զինք վերընտրելու առիթով: Ան ընդգծեց, որ բաւական պատասխանատու ժամանակահատուած կը մտնեն եւ ընելիքներ շատ ունին, միեւնոյն ժամանակ հաւաստիացնելով որ ունին ուժեղ խումբ եւ տարիներու հարուստ փորձ: Հաստատուեցան նաեւ կուսակցութեան նախագահի, վերստուգիչ յանձնաժողովի հաշուետուութիւնները, կանոնադրութեան մէջ եւ ծրագիրի մէջ կատարուած փոփոխութիւններու ու լրացումներու նախագիծերը:

Համագումարի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամներու թեկնածութիւններու առաջադրումը եւ ընտրութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք ԳՄ կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ 21 անդամ: ԳՄ անդամներ ընտրուեցան ՀՀ Նախագահ, ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ՀՀԿ նախագահի տեղակալ, ՀՀԿ քաղաքական յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀԿ նախագահի տեղակալ Արմէն Աշոտեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Կարէն Աւագեանը, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ Վահրամ Պաղտասարեանը, փոխադրամիջոցի եւ կապի նախկին նախարար Գագիկ Պէկլարեանը, ՀՀԿ կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Թադէոսեանը, ՀՀԿ նախագահի տեղակալ, ՀՀԿ գաղափարաքարոզչական յանձնաժողովի նախագահ Մուշեղ Լալայեանը, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար­ նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը, ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ԱԺ ֆինանսավարկային եւ պիւճէական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մինասեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ՀՀԿ կանանց խորհուրդի նախագահ, ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Հերմինէ Նաղտալեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Նիկոյեանը, ՀՀԿ գործադիր մարմինի անդամ, ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ էդուարդ Շարմազանովը, ՀՀԿ նախագահի տեղակալ, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեանը եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

IMG_6086

Առաջադրուեցան նաեւ ՀՀԿ վերստուգիչ յանձնաժողովի անդամներու թեկնածութիւնը եւ ընտրութիւնը, որու ընթացքին ալ ընդունուեցաւ 11 անդամ:

ՀՀԿ համագումարէն յետոյ  լրագրողներու հետ  փոքրիկ ասուլիսի ժամանակ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը անդրադարձաւ բանակի սպառազինութեան՝ նշելով. «Սպառազինուելու համար պարտադիր չի մտնել սպառազինութեան մրցավազքի մէջ եւ 21-րդ դարում սպառազինութեան տեսականին այնպիսին է, որ կարող ես ընտրել ասիմետրիկ պատասխանի եւ խելացի պաշտպանութեան մօտեցումը` ընտրելով այն տեսակները, որոնք կարող են փոքր միջոցներով առաւել արդիւնաւէտութիւն ապահովել: Դա բնաւ չի նշանակում, որ մենք չենք սպառազինւում, դա նշանակում է, որ իւրաքանչիւր ձեռքբերուած զէնք չի հակառակորդի, որ դու նոյնից պէտք է ունենաս»:
Նախարարի խօսքերով կարեւոր է, որ բանակը ըլլայ տնտեսութեան մաս, ոչ միայն սպառող, եւ ներազդի տնտեսութեան զարգացման վրայ. «Արդէն իսկ բազմաթիւ գնումներ կատարւում են այդ նկատառումով»: Պարոն Սարգսեանի խօսքերով՝ սպառազինութեան առումով պէտք է զգոյշ ըլլալ, մեր երկրի մէջ նորարարութեան մասով կայ մեծ ներուժ, որ ցոյց տուաւ «Արմհայթեք» ցուցահանդէսը,  ՊՆ-ն այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի, զինուած ուժերու մէջ արդէն կ’օգտագործեն տեղական արտադրութեան սպառազինութիւն, բայց զայն ամբողջութեամբ փոխարինել հնարաւոր չէ: Նախարարը խօսելով 80-ականներու զէնքերու մասին,նշեց, որ այդ  յիշատակումը արհեստական է.«Բազմիցս առիթ եղել է բացատրելու դրա էութիւնը, այն է` մենք ունենք բազմաթիւ զինատեսակներ, որ ներկրել ենք ԽՍՀՄ-ից, իսկ  Սեպտեմբերի 21-ն ապացուցեց դա, որ 80-ական զէնք ասելով՝ նկատի չունենք ամբողջ զինանոցը»:

Նշենք, որ համաժողովին դիտորդի հանգամանքով, այլ կուսակցութիւններու եւ հիւրերու շարքին նեկայ եղաւ նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը: Համաժողովին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհաւորագիր մըն ալ յղուած էր նախօրոք յաջողութիւն մաղթելով համաժողովին եւ անկէ բխելիք ՀՀԿ-ի նախագահին եւ գործադիր մարմնի անդամներուն:
 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին