Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Կազմակերպութեամբ ԹՄՄ Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին՝ Հրապարակային Գնահատանք Գերսամ Ահարոնեանի Ծննդեան 100- Ամեակին Առիթով

*ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*

Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ին, Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնը դարձած էր ժամադրավայրը Գերսամ Ահարոնեանի աշակերտներուն, գաղափարի ընկերներուն, գործընկերներուն եւ միութենականներուն համար։ ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ այդ երեկոյ նշուեցաւ Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Բեմին վրայ զետեղուած մեծադիր գծանկարը անուղղակիօրէն անոր ներկայութիւնը ցոյց կու տար սրահէն ներս (գործ՝ Տիգրան Էքիզեանի)։

1

Արա Ահարոնեան ներկայացուց կուսակցական ղեկավարը, տուաւ անոր կենսագրական կէտերը, կեդրոնացաւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին աշխատանքին վրայ, անդրադարձաւ Ահարոնեան հրապարակախօսին, անոր Հայաստան կատարած այցելութիւններուն եւ վերջապէս Գերսամ Ահարոնեանի թողած հսկայական ժառանգութեան՝ թէ՛ ՌԱԿ-ին համար եւ թէ՛ Հայ Դատի ծիրէն ներս։

4

Արփի Եղիայեան-Սիմոնեանին նիւթն էր «Ահարոնեան դաստիարակը»։ Ան ներկաներուն յիշողութիւնը ետ տարաւ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան վարժարան։ Սիմոնեան ըսաւ, որ Գերսամ Ահարոնեան սովորական ուսուցիչ մը չէր, բայց լաւ ուսուցիչ մըն էր. ան աշակերտներուն մէջ սէր կը ներմուծէր՝ հանդէպ մեր ազգային պատմութիւնը։ Սիմոնեան յիշեց նաեւ իրենց միւս դաստիարակ-ուսուցիչները՝ Փօլ Կիրակոսեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Գարեգին Բ., Տէր Զաւէն Արզումանեան, Զարեհ Մելքոնեան եւ ուրիշներ։ Գերսամ Ահարոնեան ուսուցիչը ան ներկայացուց ինքնավստահ, հանդարտ ու զուարթախոհ բառերով։

5

«Ընտանեկան եւ կուսակցական բարեկամ» նիւթը յանձնուած էր Սիւզի Պահատրեանին։ Ան իր խօսքը սկսաւ նշելով, թէ ինք «հոգեպէս հարուստ եւ բախտաւոր» է, որ ունեցած եւ պահած է քաղցր յիշատակներ Գերսամ Ահարոնեանէն։ Ուսուցիչ պարոն Գերսամը իրեն եւ շատ-շատերու համար պիտի դառնար ընկեր Գերսամ։ Ծայրայեղ հայրենասէր էր ան, կուսակցութեան մղիչ ուժն էր, վաղուան առաջնորդները գիտէր գնահատել, միջակութիւններ չէր սիրեր եւ միասնական ոգիով ունէր եռանդն ու կորովը  նուիրուելու մեծ գործին՝ Հայ Դատին, Մեծ Երազին։

2

Վաչէ Սեմերճեան անդրադարձաւ Ահարոնեանի հրապարակագրական գործերուն։ Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցի պատրաստութիւններ, ցոյցեր, յուշագիրներ, հանդէսներ եւ՝ Գերսամ Ահարոնեանի խմբագրականները «Մեծ Երազի ճամբուն վրայ», որ 72 խմբագրականներու հաւաքածոյ մըն է։ Այդ գործը նաեւ անգլերէնի թարգմանուեցաւ եւ որպէս դասագիրք գործածուեցաւ տարբեր լեզուներով։ Այս բոլորին կողքին, Սեմերճեան առանձին պատուանդանի վրայ դրաւ «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի» հազարէ աւելի էջերէ բաղկացած հատորը, որ առայժմ իր տեսակին մէջ կը մնայ անգերազանցելի։ Իսկ «Խոհեր 50-ամեակի աւարտին» խորագիրը ինքնաբացատրողական է արդէն։

3

Սեմերճեան նշեց, որ թէեւ 90-ական թուականներուն Անդրանիկ Տագէսեան Պէյրութի մէջ հատոր մը հրատարակեց Գերսամ Ահարոնեանէն, սակայն այդպէս ալ, մինչեւ այսօր ամբողջական աշխատանք մը չկատարուեցաւ։ Վերջապէս, ան պիտի յիշուի իբրեւ Հայ Դատի մեծ ճարտարապետը, եզրափակեց Սեմերճեան։

6

Չորս բանախօսներուն միջեւ, օրուան հանդիսավար Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան կը ծաղկեցնէր յուշապատումներով ու նկարագրական տեսարաններով։

7

Ոգեպնդիչ էր լսել Գերսամ Ահարոնեանին ձայնը, որ կու գար հեռաւոր Պէյրութէն՝ Ռիվոլիէն, 1965-էն՝ ՌԱԿ-ի հանդիսութենէն։ Շնորհակալութիւն արուեստագէտ Տիգրան Էքիզեանին, ձայներիզին պատրաստութեան համար։ Բարսեղ Գարթալեան ընթերցեց Ասպետ Ռուբինեանի (Յակոբ Տունիայեանի) վերջերս լոյս տեսած գրութիւնը նուիրուած Ահարոնեանի 100-ամեակին եւ մահուան 35-րդ տարելիցին՝ քաղուած Պէյրութի «Ծաղիկ» շաբաթաթերթէն։ Ան ըսաւ, որ թէեւ Գերսամ Ահարոնեանին աշակերտը չէ եղած, բայց ինքզինք կը սեպէ անոր «կուսակցական եւ ազգային դաստիարակութեան աշակերտը»։ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան հանդիսութեան աւարտին փոխանցեց իր խօսքը. «Մեծ եղբայր էր ինծի, աննման նկարագիրով, համեստ, տիպար, օրինակելի. Չունէր հպարտութիւն»։ Այս բոլորին կողքին ան ըսաւ, որ օրերը խառն էին եւ «հայրենասէր ըլլալը դիւրին բան չէր»։

8

Փակման խօսք եւ աղօթք՝ Արժ. Տ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան։ Գեղարուեստական մասով սքանչելի երկեակ մը կազմած էին Շուշան Յակոբեան՝ դաշնամուր եւ Ռուբէն Աղիեան՝ ջութակ, որոնց զգլխիչ կատարումը տակաւին երկարօրէն պիտի յիշուի։

9

Կը շնորհաւորենք ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի վարչութիւնը եւ կը  մաղթենք յարատեւ վերելք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին