Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

ԹՄՄ-ի Պիկ Պանտի (Big Band) Հոյակապ Համերգը Անգամ Մը Եւս Ծափողջոյններու Փոթորիկ Կը Խլէ Երաժշտասէր Ընտրանիէն

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Իսկապէս անհաւատալի է, որ Միջին Արեւելքի քաղաքական ճգնաժամային այս օրերուն, տաղանդաւոր ղեկավար-երաժիշտ Վիգէն Չալեան կը յաջողի ի մի բերել հայ թէ արաբ հանրածանօթ երգիչ-երգչուհիներ, նոյնիսկ «Լիբանանի Հարս» պելառուս Աննա Մաթթարը՝ ներկայացնելու հոյակապ համերգ մը եւս, նախաձեռնութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան:

New Image8

Արդարեւ, Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, հայաշատ Պուրճ Համուտի Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր՝ ունկնդրելու եւ դիտելու The Big Band (Մեծ նուագախումբ)-ի բացառիկ համերգը:

Ներկայ էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան աւագանին գլխաւորութեամբ նուագախումբի կնքահայր՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանի: Ներկայ էին ՌԱԿռի ղեկավար ընկերներ, յարգելի հիւրեր եւ մշակութասէր հանրութիւն մը:

Ծրագիրը բազմազան ու բազմալեզու էր՝ տեսահոլովակներով համեմուած: Մայր հայրենիքէն թէ Լիբանանէն մատուցուած երգի ու երաժշտութեան համընթաց Որոտընդոստ՝ «Զարթիր Լաօ»ն, ապա հայաստանեան ձայնով օժտուած Յակոբ Մկրտիչեանի ելոյթները՝ հայկական բազմազան քնարական եւ սիրային կատարումներով, ծափերու տարափի արժանացան հանդիսատեսին կողմէ: Երեկոյի անմար աստղ Լարա Չուխատար իր օփերային բացառիկ ձայնով եւ արտայայտչական գերազանց ներկայացմամբ յաճախ կրկնեց իր մատուցած երգերը, ներկաներու բուռն եւ յոտնկայս ծափողջոյններուն յագուրդ տալով: Ամերիկեան թէ եւրոպական էստրա ու ճազ  երաժշտութեան եզակի կատարումներով հիացական ծափերու  արժանացաւ պելառուս  արուեստագիտուհի Աննա Մաթթայ, որ իր անգլերէնի ու ֆրանսերէնի բացառիկ առոգանութեամբ ու իւրայատուկ ձայնով, հմայեց բոլորը: Մանաւանդ աշխարհահռչակ «Շանսոնիէ» Շառլ Ազնաւուրի երգի դժուարին կատարմամբ Ճոնի Քէյ անսպասելի անակնկալ մատուցեց բոլորին…

Օրուան «հիւր» երգիչներէն՝ Պեքայի գեղեցկուհի, Զահլէէն Հաթէմ Քալլաս հանդիսատեսին փոխանցեց արաբական-լիբանանեան ուրախ երաժշտութեան աւիւնը: Անշուշտ այս բոլորին կ’ընկերակցէր բոլոր նուագախումբին զանազան գործիքները համադրող, ղեկավար-երաժիշտ Վիգէն Չալեանի «լռելեայն» վերահսկողութիւնը՝ աւելի քան մէկ ու կէս ժամ տեւած համերգին:
Շնորհալի արուեստագիտուհի Պէթի Սարգիսեան ներկայացուց Պիկ Պանտի բազմազգ անդամները: Անգնահատելի է  հանրածանօթ դերասան-բեմադրիչ Տիրան Սարգիսեանի աշխատանքը, որուն տնօրէնի պատասխանատու ջանքերը, շուրջ տարի մը երկարող ժամանակաշրջանին մէջ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան աջակցութեամբ, այսպիսի ուրախալի աւարտ ունեցան:

New Image

New Image2

New Image3

New Image4

 

New Image6

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին