Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Կարէն Կարապետեան Անդամակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան

Կարէն Կարապետեան Անդամակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան: Աւելի կանուխ  ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան դիմում ներկայացուցած էր անդամագրուելու Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան: Այս մասին Կարապետեան յայտարարած է ՀՀ կառավարութեան Նոյեմբեր 24-­ի նիստի ընթացքին:

Ան ՀՀԿ-ին անդամագրուելու իր որոշումը հիմնաւորած է առաջին հերթին այն հանգամանքով, որ վարչապետի պաշտօնին զինք հրաւիրած է ՀՀ նախագահը, որ ՀՀԿ ղեկավարն է, իսկ որեւէ կառավարութիւն պէտք է քաղաքական յենարան ունենայ:

«Վարչապետի պաշտօնին հրաւիրել է ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Իւրաքանչիւր կառավարութիւն պէտք է ունենայ քաղաքական յենարան, իսկ այս կառավարութիւնը ՀՀԿ-ի կառավարութիւնն է: Եթէ նոյնիսկ հաշուի չառնենք այս կէտերը, ոմանց մօտ կարող է լինել տեսական հարցադրում, ինչո՞ւ չենք հիմնադրել մէկ այլ կուսակցութիւն: Դա արդարացուած չէր լինի: Ունենալով Արցախի հիմնահարց եւ մեր երկրի անվտանգութեան առջեւ կանգնած սպառնալիքներ, մենք պէտք է խուսափենք հնարաւոր բոլոր ապակայունացնող գործընթացներից եւ զարգացումներից», – նշած է Կարէն Կարապետեանը:

ՀՀԿ-­ին անդամակցութեան մասին յայտարարած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը: ՀՀԿ-­ն անդամագրուելու դիմումները պիտի քննարկէ Նոյեմբեր 26-­ին կայանալիք համագումարի ընթացքին:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հիմնադրուած է 1990-ին: ՀՀԿ-­ն որպէս գաղափարախօսութեան հիմք` ընդունած է Գարեգին Նժդեհի ուսմունքը: 2014-ի Մայիս 24-­ին տեղի ունեցած է ՀՀԿ 15-­րդ համագումարը եւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերընտրուած է կուսակցութեան նախագահ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին