*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Ամերիկեան Բարքեր»ու խորգիրին տակ՝ յօդուածներս յաճախ կ՛ըլլան բացասական, որովհետեւ անոնք խոտոր կը համեմատին մեր աւանդական սովորութիւններուն եւ ըմբռնումներուն հետ։
Ասոր հետ միատեղ, պէտք չէ մոռնանք երբեք, որ ամերիկեան կենցաղին մէջ կան դրական բարքեր եւս, որոնք պէտք է երեւան գան եւ արժանանան մեր գնահատանքին։
Այսպէս, հեռատեսիլի կատակերգակ (talk show host) Ճէյ Լէնօ, որ հնաձեւ (antique) ինքնաշարժներու սիրահար է եւ ունի 150-է աւելի հին եւ նոր ինքնաշարժներու հաւաքածոյ մը, նուիրուած է օգնելու պատերազմէն վիրաւոր վերադարձած զինուորներուն։
Ան քանիցս գացած է Իրաք եւ Աֆղանիստան, իր կատակներով զուարճացնելու բանակայիններ, որոնք վասն հայրենեաց գացած են հոն՝ ծառայելով ամերիկեան բանակին։ Մենք շատ լաւ գիտենք, որ դժբախտաբար անոնցմէ շատերու անշունչ մարմինները վերադարձած են ամերիկայ, թաղուելու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Իսկ ուրիշներ ալ՝ վիրաւորուելով՝ վերադարձած են տուն՝ բուժուելու համար։
Ճէյ Լէնօ վերջերս սկսած է այցելել Մէրիլընտ նահանգի Walter Reed զինուորական հիւանդանոցը եւ սփոփել պատերազմի ճակատէն վերադարձած վիրաւոր զինուորները։ Ան նոյնիսկ սկսած է այցելել վիրահատութեան ենթարկուած զինուորներուն, որոնք ապագինած ու վերադարձած են տուն՝ բուժման անհրաժեշտ շրջան մը բոլորելու համար։
Ուշագրաւ է վիրաւոր այդ զինուորներէն երկուքին հետ Ճէյ Լէնոյի մշակած սերտ յարաբերութիւնը, զորս կ՛ուզեմ բաժնել մեր ընթերցողներուն հետ։
Անոնցմէ Տասնապետ Իթհըն Լապըրժ, Աֆղանիստան ծառայած շրջանին, ենթարկուած է ռմբաձիգ անձնասպանի մը (suicide bomber) արկածին, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է, իսկ իր անձնակազմէն երկու հոգի տեղւոյն վրայ մահացած են։
Ճէյ Լէնօ գացած է վերոյիշեալ տասնապետին բնակարանը եւ զինք հրաւիրած է իր ինքնաշարժով պտտելու։ Բաւական ժամանակ ետք՝ Լէնօ տասնապետին յանձնած է ղեկը եւ առաջարկած, որ ինք վարէ ինքնաշարժը եւ ընթանայ դէպի իր բնակարանին ուղղութեամբ։
Հասնելէ ետք, Լէնօ իջած է ինքնաշաժէն եւ բանալիները յանձնած Լապըրժին՝ ըսելով, թէ ինքնաշարժը կը պատկանի իրեն (տես նկարը)։ Ի՜նչ մեծ անակնկալ եւ ի՜նչ ուրախութիւն՝ ի տես այս անսպասելի ազնիւ արարքին. . . Ինքնաշարժը 2015-ի Dodge SRT Helleat էր։
Ուրիշ առիթով մը, Ճէյ Լէնօ այցելած է զինուորական վերոյիշեալ հիւանդանոցը եւ հանդիպած ոտքի վիրահատութեան ենթարկուած Սթէֆընի Մորիսին, որ դարձեալ վիրաւորուած էր Աֆղանիստանի մէջ։
Սթէֆընի արուեստական ոտք ստանալով տուն վերադառնալէն ետք՝ Լէնօ դարձեալ այցելած է եւ զինք հրաւիրած, որ իր ինքնաշարժով քիչ մը պտտին։ Հետեւեալը՝ վերոյիշեալ պատմութեան կրկնութիւնն է, ի բաց առեալ այն տարբերութեամբ, որ այս ինքնաշարժը օժտուած էր մէկ ոտքով վարելու յարմարութեամբ։
Ուրեմն, ինքնաշարժը նախ ինք վարելէ ետք՝ հրաւիրած է Սթէֆընին, որ ստանձնէ ղեկը եւ ապա առաջնորդէ զիրենք իր բնակարանը։ Տուն հասնելէ ետք, Լէնօ իջած է ինքնաշարժէն եւ բանալիները յանձնած Սթէֆընիին՝ ըսելով, որ շնորհաւոր ըլլայ իր նոր 2017-ի Fiat 124 Spider Abarth ինքաշարժը . . .
Զինուորները յարգելու եւ անոնց բարոյական զգացումները (moral) բարձր պահելու լաւագոյն արարքն է այս, որ իձի՜ւ թէ վարակիչ ըլլար ու համատարած։ Պատիւս արժանաւորաց!