ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սպառազինութիւններու մրցավազքը կը բարձրանայ նոր մակարդակի:
«Վերջին ժամանակահատուածում Ազրպէյճանը ժամանակակից զինատեսակի առումով լուրջ ձեռքբերումներ ունեցաւ, որն անհրաժեշտ էր հակակշռել: Այսօր մենք եւ՛ «Սմերչ» ունենք, ե՛ւ «Իսկանդեր», որը տարածաշրջանում ոչ ոք չունի»,- ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:
Փոխնախարարին խօսքով` այս անցանկալի երեւոյթին վերջ տալու համար երկու ելք կայ: «Առաջինը բանակցային գործընթացի վերսկսումն է եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը: Երկրորդն էլ այն է, որ Ազրպէյճանը կարող է կրկին փորձել ուժային լուծման երթալ»,- ըսած է Շաւարշ Քոչարեան` տեսակէտ յայտնելով, որ վերջին տարբերակի հաւանականութիւնը կը նուազի: