ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման վարչութիւնը մեծապէս գնահատելով ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի՝ յանուն Արցախի մեկնարկած ողջունելի նախաձեռնութիւնը արձագանգեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դու ն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական կոչին եւ որոշում կայացուց, միանալու շարժման: Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման նուիրուած շարժման ծիրէն ներս իրականացնելիք գործունէութիւններուն իբրեւ բացում՝ «Միրաք»-ի վարչութիւնը, իր անդամներուն հետ, կազմակերպեց դէպի Եռաբլուրի պանթէոն այցելութիւն մը:
ՌԱԿ-ի պատանեկան-ուսանողական շարժման անդամները, Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2016-ին, նախ հաւաքուեցան Թէքէեան Կեդրոն, ուր շարժման պատասխանատու, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»-ականներուն ներկայացուց նախարարութեան այս ողջունելի նախաձեռնութեան մասին, որմէ ետք, յատուկ հանրակառքով, պատանիները ուղղուեցան Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
«Միրաք»-ականները հաւաքուելով Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ բարձրացուցին «Դո՛ւ ն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման պաստառները եւ մեծ ոգեշնչութեամբ երգեցին Թէքէեանի քայլերգը: Այնուհետեւ, շրջագայելով Եռաբլուրի պանթէոնէն ներս, այցելեցին զօրավար Անդրանիկի, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զոհուած ազատամարտիկներու եւ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներու շիրիմները:
«Միրաք»-ի այցելութեան կ’ընկերակցէին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-ատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանն ու Ընկհ. Սիլվա Պըլըխեանը: Ընկ. Լեւոն կանգ առնելով ՌԱԿ-ի պատուաւոր անդամներ՝ Արամայիս Օհանեանի եւ Հրաչ Լուսինեանի շիրմաքարերուն առջեւ, անդամներուն ամփոփ բացատրութիւն մը տուաւ անոնց մասին:
Այնուհետեւ, պատանիները խոր երկիւղածութեամբ այցելեցին Արցախի ապրիլեան պատերազմի նահատակ-հերոսներուն գերեզմանը եւ խունկ վարեցին Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի կրտսեր քսանապետ, Մարտակերտի մէջ հերոսաբար զոհուած Ռոպերթ Ապաճեանի շիրիմին, որ յետմահու արժանացած էր Արցախի հերոս բարձրագոյն կոչումին եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանին։