Շաբաթ, 15. 03. 2025

spot_img

«Միացեալ Հայերը Հոլանտայի Մէջ» Եւս Արցախի Կողքին են

Նիտերլանտներու թագաւորութեան Նայմեխէն քաղաքի «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութիւնը եւս արձագանգած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական կոչին` «Դուն ինչ կընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:

«Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» միութիւնը եւ Նայմեխէնի մէջ «Վան» մէկօրեայ դպրոցը հիմնադրուած են 15 տարի առաջ: «Վան» դպրոցը այսօր  ունի 20 աշակերտ:

«ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն  ի վեր աշխոյժ կապի մէջ  եղած ենք, մասնակցած նախարարութեան կողմէ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու, մրցանակաբաշխութիւններուն յաղթող ճանչցուած, արդէն աւարտած աշակերտներուն ալ պարբերաբար կ’ուղարկենք մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին: Միշտ կը զգանք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան սրտցաւ վերաբերմունքը մեր նկատմամբ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին  ըսած է «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» միութեան նախագահ եւ «Վան» մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն Սուետա Աբրահամեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին