Միւնխէնի հայ հայրենակցական միութիւնը միացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: «Մեր համայնքի հայերէն լեզուի խմբակներու աշակերտները միացած են նախաձեռնութեան: Միաժամանակ կը փորձենք միութեան միջոցով տարածել զայն հայկական շրջանակներուն մէջ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սթելլա Ղամբարեան:
Միւնխէնի հայ հայրենակցական միութիւնը հիմնադրուած է 1962 թուականին: 1972 թուականէն միութիւնը սկսած է հայոց լեզուի դասընթացներ իրականացնել` տիկին Թայիսի ղեկավարութեամբ:
Տարիներու ընթացքին ուսուցիչները փոխուած են, սակայն միութեան նպատակը նոյնը մնացած է` հայալեզու մեծցնել գալիք սերունդները: Կամաւոր ուսուցչուհիներու եւ ուսուցիչներու քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ ամուր հիմք ստեղծուած է այսօր` հայերէնի զարգացման ու հայապահպանութեան նպաստելու համար:
Այսօր համայնքէն ներս կը գործեն հայերէն լեզուի հետեւեալ խմբակները. արեւմտահայերէն չափահասներու համար` տիկին Մաննիկ Իպիրիսիմի ղեկավարութեամբ, նախադպրոցական երեխաներու դասարան` պարոն Արա Ղազարեանի ղեկավարութեամբ, հայերէն լեզուի սկսնակներու խումբ` տիկին Սթելլա Ղամբարեանի ղեկավարութեամբ, հայերէն լեզուի տառաճանաչներու դասարան` տիկին Նայիրա Մանուկեանի ղեկավարութեամբ: