Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Աւետիս» Պարախումբը Արցախին Նուիրուած Ձեռնարկ Կը Կազմակերպէ

Աթէնքի «Աւետիս» պարախումբը միացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի  համար» համահայկական շարժումին, այս ձեւով իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախին ու արցախահայութեան:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` պարախումբը շարժման խորագիրին ծիրէն ներս ամրան մեծ ձեռնարկ պիտի  կազմակերպէ նուիրելով Արցախին:

2013 թուականին ստեղծուած «Աւետիս» պարախումբի նպատակը հայանպաստ գործունէութեամբ զբաղիլն է, ինչպէս նաեւ  ազգային մշակութային արժէքներու պահպանումը:

«Աւետիս» անուանուած է` նպատակ ունենալով կատարած աշխատանքով միշտ բարի լուրեր եւ լաւ տրամադրութիւն սփռել թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Այժմ պարախումբ կը յաճախեն 35 երեխաներ: «Աւետիս»-ը նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պարի միջազգային խորհուրդի անդամ է:

Պարախումբը, 2016 թուականին, 6 պարուհիներով, առաջին անգամ մասնակցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցը Շուշանիկ Սեմերճեանն է, տնօրէնը` Շուշանիկի ամուսինը` Կարէն  Յակոբեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին