Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ապրիլեան Պատերազմէն Ետք Թալիշէն Հեռացած Մարդիկ Քիչ-քիչ Կը Վերադառնան Հարազատ Օճախներ

Ապրիլեան պատերազմէն ետք Թալիշ գիւղէն հեռացած մարդիկ քիչ-քիչ կը վերադառնան հարազատ օճախներ, կը վերականգնեն իրենց տնտեսութիւնը: Այս մասին ֆէյսպուքեան (facebook) էջին վրայ գրած է փորձագէտ Տիգրան Աբրահամեանը։

«Ճիշտ է` յետ վերադարձածների թիւը մինչ ապրիլեան փուլը եղած ժամանակահատուածի համեմատ էապէս փոքր է, սակայն կարեւոր է, որ գործընթացը տեղից շարժուել է, ինչը ակնյայտ նաեւ քաղաքական նշանակութիւն ունի:

«Թալիշը լաւ աւանդոյթներ ունեցող համայնք է, Ղարաբաղի երբեմնի ամենահարուստ գիւղերից մէկը, մարդիկ կպած են իրենց հողին ու ջրին եւ նոյնիսկ ապրիլեան պատերազմն ու ներկայումս առկայ ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը չեն խանգարում թալիշցիներին` վերադառնալու իրենց գիւղը»,- գրած է փորձագէտը` ընդգծելով, որ պէտք է օգնենք ու մինչեւ վերջ աջակցինք այդ մարդոց, այլ տարբերակ չունինք:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին