Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Մկնիկը Երբ Ինքզինքին Հաւատայ՝ Եկուր Ալ Զսպէ

*Սեւակ Յակոբեան*

Երէկ երեկոյեան երբ բարեկամի մը հետ կը զրուցէինք մարդկային զարմանալի երեւոյթի մը մասին,  ան ինծի հետեւեալ առակը պատմեց.

Օր մը մկնիկը թրջուած, փետտուած, խեղճ ու կրակ վիճակով անտառի թագաւոր առիւծին  քով գանգատի կ’երթայ:

  • Տէ՛ր արքայ,- կ’ըսէ մկնիկը, – այս անարդարութեան ճար մը գտիր: Ես ալ անտառի քաղաքացին եմ, սակայն ոչ ոք զիս կը յարգէ: Ընդհակառակը, ամէն կերպով կը չարչարեն զիս եւ կ’անարգեն: Կը խնդրեմ, կ’աղաչեմ հասկցուր բոլորին, որ հետս լաւ վարուին:

Առիւծը կը լսէ, կը մռնչէ եւ անտառի բոլոր բնակիչները ժողովի կը կանչէ:

  • Հոս նայեցէք,- կ՛ըսէ անոնց, – այս մկնիկը ձեզի հաւասար քաղաքացի է: Չըլլայ, չըլլայ, որ իրեն նեղութիւն տաք:
  • Սիրով տէր արքայ: Հրամանդ կատար,- կ’ըսեն կենդանիները:
  • Այս չի բաւեր,- կ’ըսէ առիւծը: Դուք բոլորդ մէկ կողմ պէտք է կենաք, երբ ձեր եղբայր մկնիկը անցնի: Պէտք է նաեւ խոնարհիք անոր,- կը շարունակէ առիւծը:
  • Սիրով տէր արքայ: Հրամանդ կատար,- կը կրկնեն կենդանիները:
  • Այսքանն ալ չի բաւեր,- կ’ըսէ անտառի արքան: Դուք բոլորդ պարտիք իրեն կերը ապահովել եւ իր բոյնը հասցնել: Հասկցա՞ք:
  • Այո հասկցանք, Տէ՛ր արքայ,- դողալով կը կրկնեն անտառի բնակիչները:

Առիւծը մկնիկին դառնալով կ’ըսէ. -Ի՞նչ է, գոհ ե՞ս մկնիկ:

Մկնիկը փքուելով առիւծին վրայ կը գոռայ. – Հոս նայէ առիւծ: Չտեսա՞ր ինչ կարեւոր մէկն եմ ես: Չըլլայ, չըլլայ, որ անգամն ալ ինծի մկնիկ կանչես: Ես մուկ եմ: Շատ կարեւոր մուկ: Յարգէ՛ զիս…»:

Ինքզինքին յանկարծ հաւատացող նման մարդուկներ կը ճանչնա՞ս, սիրելի՛ ընթերցող: Ես շատե՜ր գիտեմ անոնցմէ: Անուններ ալ կրնամ տալ… օր մը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին