ՀՀ կառավարութեան նիստին՝ քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարուած է, որ կը վերաբերի ապօրինի հարստացման քրէականացման:
Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան նախագիծը ներկայացնելու պահուն յայտնած է, որ երբ «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքով յայտարարագիր ներկայացնելու պարտականութիւն ունեցող բարձրաստիճան պաշտօնատար անձը եւ անոր փոխկապակցուած անձերը, որոնք համապատասխան ժամանակահատուածի մէջ գերազանցելով օրինական եկամուտները ունեցած են գոյքի յաւելում կամ պարտաւորութիւններու նուազում, ուրեմն պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին ապօրինի հարստացման համար:
«Այդ պարագային կը հասնի ազատազրկում` 3-6 տարի ժամկէտով` որոշ պաշտօններ զբաղցնելու կամ որոշ գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն զրկելով` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով` գոյքի բռնագրաւումով»,- ըսած է ան, ըստ tert.am-ի:
Նախարարը ներկայացուցած է, որ նախատեսուած է էական չափ համարել 5 միլիոն դրամը գերազանցող շեմը` այն հիմնաւորումով, որ ոչ թէ 5 միլիոնէն քիչ գումարը բնական կը համարուի, այլ՝ գործող իրողութիւններէն եւ յայտարարագիրին մէջ առկայ համակարգէն, ըստ որուն կան եկամուտներ, որոնք օրէնքով յայտարարագրման ենթակայ չեն: Իսկ այդ պարագային իրաւապահ մարմինի ծախսելը կրնան անարդիւնաւէտ ըլլալ:
«Այդ պատճառով մենք սահմանած ենք որոշ շեմ, որմէ վերեւ կը խօսինք ապօրինի հարստացման մասին: Երկրորդ. նախագիծով, իբրեւ շրջանառութիւն, որպիսի եկամուտները ըլլան աւելի թափանցիկ, կ’առաջարկուի փոփոխութիւն կատարել «Հանրային ծառայութեան» մասին օրէնքին մէջ եւ յայտարարագիր ներկայացնողները այսուհետեւ պարտաւոր պիտի ըլլան ստացած եւ յանձնած փոխառութիւնները , անոնց դիմաց վճարներ ստանալը կամ յանձնելը, դրամական միջոցները նուիրատուութիւն ստանալը, ձեռնարկատիրական գործունէութենէն եկամուտ ստանալը, գոյքի օտարումէն եկամուտ ստանալը, վարձակալութեան դիմաց ստացուած վճարները, որոնք կը գերազանցեն 2 միլիոն դրամը, կատարել անկանխիկ»,- ըսած է ան:
Նախարարին խօսքով ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ, որ թափանցիկութիւնը առաւել մեծնայ: