Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սէրգէյ Լաւրով եւ Ժան Մարք Էյրօ Քննարկած են ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցը

ՌԴ-ի արտաքին գործոց նախարար Սէրգէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի անոր պաշտօնակից Ժան Մարք Էյրօ Նոյեմբեր 17-ին կայացած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:

«Արծարծուած են մերձաւոր արեւելեան կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին լուծում գտնելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա) համանախագահներու գործունէութեան աջակցելու հարցերը»,- նշած են նախարարութեան տեղեկատուականէն:

Սուրիոյ իրադրութիւնը քննարկելու ընթացքին՝ Լաւրով ընդգծած է միակողմանի գործողութիւններէն խուսափելու անհրաժեշտութիւնը, որոնք այդ երկրին մէջ կը  հրահրեն հակամարտութեան սաստկացում:

Ըստ ՏԱՍՍ-ի` ՌԴ-ի եւ Ֆրանսայի ԱԳ նախարարները նաեւ քննարկած են «Նորմանտական քառեակ»-ին առաջնահերթ խնդիրները՝ ներուքրանական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած Մինսկի համաձայնութիւններու կատարման ծիրէն ներս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին