Տաւուշի մէջ պայմանագրային զինծառայող մը մահացած է, կը յայտնէ ՀՀ քննչական կոմիտէն (ՔԿ):
Ըստ ՀՀ ՔԿ հաղորդագրութեան` Նոյեմբեր 17-ին` ժամը 21:50-ի մօտ, ՀՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի 1-ին հրաձգային գումարտակի հսկիչ, անցագրային կէտի շինութեան մէջ, յայտնաբերուած է 17 Նոյեմբեր 2016-էն մինչեւ 18 Նոյեմբեր գումարտակի արագ արձագանգման խումբին մէջ ծառայութեան ընդգրկուած նոյն գումարտակի գնդացրորդ, պայմանագրային զինծառայող Իւան Դաւիթի Հայրապետեանի դիակը` բերանի աջ ստորին եւ գլուխի ձախ գագաթային հատուածներուն մէջ միջանցիկ հրազէնային վնասուածքներով:
ՀՀ ՔԿ ԶՔԳՎ վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ քրէական գործ յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով, կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: