Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի սաները ամէն տարի իրենց երկշաբաթեայ հանգիստը կ՝անցընեն Հայաստանի մէջ` այցելելով հայրենի բնօրրանի տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ իրականացնելով կամաւորական աշխատանք: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի, «Օգնենք մարդկութեան արուեստի միջոցով» խմբակի խորհրդատու Աննա Եարալեան:
Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմը ցնցեց ողջ հայութիւնը, ներառեալ` Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի աշակերտութիւնը: Դպրոցի «Օգնենք մարդկութեան արուեստի միջոցով» խմբակի աշակերտներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք, որուն հասոյթը տրամադրուեցաւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Հայաստան այցելութեան ընթացքին, աշակերտները հանդիպեցան հերոսներու ընտանիքներուն` տարբեր ձեռնարկներու արդիւնքով գոյացած 6200 տոլար գումարը անոնց յանձնելու նպատակով: Մանուկեան-Տէմիրճեան դպրոցի սաներուն համար կեանքի դասեր պարունակող ու պարտաւորեցնող այս այցելութիւնները երկուստեք շատ յուզիչ էին:
Դրամահաւաքի ծրագիրը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ դպրոցի ղեկավարութեան կողմէ, որոշուեցաւ միւս տարի կրկին իրականացնել նման ծրագիր՝ «Օգնենք սուրիահայութեան» խորագիրի ներքոյ:
«Օգնենք մարդկութեան արուեստի միջոցով» խմբակի համանախագահներն են Ալեքսանտրա եւ Լիլիա Եարալեանները, իսկ փոխնախագահները` Էլիզապէթ Չոլաքեանը եւ Նաթալի Մոմճեանը: