Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հանդիպում՝ Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի Եւ «Թիւֆէնքեան» Հիմնարկ

Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ին, Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի ատենապետ Հայկ Օշական տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Թիւֆէնքեան» Հիմնարկի վարիչ տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանին հետ:

Աւելի քան երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ՝ Ռաֆֆի Քիլեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ալեքս Սարաֆեան:

Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկեցին Առաջամուղ գիւղի հետ առընչուող հարցերը։
Առաջամուղ գիւղը կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանը,1993-ին ազատագրուած Հատրութէն քառասուն քլմ. ներս: «Կը հետեւինք կատարուած շինարարական աշխատանքներուն: Նմանօրինակ գիւղեր կառուցելը անհրաժեշտ է, յատկապէս որեւէ ազերի ներթափանցում կանխելու համար: Առաջնահերութիւն մըն է այսպիսի շրջաններ վերաբնակեցնելը», յայտնեց Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի ատենապետ Հայկ Օշական:

2004-էն ի վեր այս գիւղը վերաբնակեցնելու գաղափարը մտայղացուած է «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին կողմէ, գործակցաբար Արցախի Հանրապետութեան վերաբնակեցման բաժինի հիմնարկին հետ:

2012-ին, գործակցաբար Ամերիկահայ Ընկերակցութեան Արցախ ֆոնտին հետ, որոշուեցաւ շրջանէն ներս յաւելեալ բարելաւումներ եւ ներդրումներ կատարել:

Առաջամուղ գիւղին մէջ կառուցուած են՝ 19 տուներ, դպրոց եւ քաղաքապետարան: Բնակիչներու շարքին են նախապէս բանակին մէջ ծառայած եւ այժմ հանգստեան կոչուած բանակայիններ, Ազրպէյճանէն ժամանած գաղթական հայորդիներ եւ մօտակայ շրջաններէ ժամանած երիտասարդ զոյգեր:

Ընդամէնը 24 տուներու կառուցումով՝ բնակչութեան թիւը պիտի բարձրանայ 90-էն 120-ի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին