Նոյեմբեր 17 լոյս 18-ի գիշերը Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին հակառակորդը հրադադարը խախտած է 100 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ, արձակուած է աւելի քան 2400 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` սահմանագիծի հիւսիս-արեւելեան (Եարըմճա) ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (5 արկ):
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը` պատասխան գործողութիւններու դիմելով միայն խիստ անհրաժեշտ պարագայի: