Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր` Նոյեմբեր 17-ին, 102 կողմ, 3 դէմ ձայներով առաջին ընթերցումով ընդունած է Կառավարութեան կողմէն ներկայացուած «ՀՀ պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառած վնասներու հատուցման մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներուն նախագիծերը, որ յայտնի է «1000 դրամի նախագիծ» անունով: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի այս նախաձեռնութիւնը մեծ աղմուկ էր հանրութեան մէջ: Հասարակական ցանցերու մէջ սկիզբ առած դժգոհութեան ալիքը տեղափոխուած էր Ազգային ժողով, որուն վերաբերեալ բազմաթիւ քննադատութիւններ հնչած են քառօրեայի ընթացքին: Ընդդիմադիր պատգամաւորները կը պնդէին, որ նուիրատուութիւնը պէտք է հարկադրուած չըլլայ, ոմանք ալ կ՝ըսէին, որ իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացիէ ամսական 1000 դրամ գանձելու փոխարէն՝ հարկաւոր է ստիպել ապօրինի միջոցներով հարստացած հրամանատարներն ու պաշտօնեաները՝ վերադարձնելու պետութենէն գողցուածը: Այնուհանդերձ, նոյնիսկ այս խնդիրները բարձրաձայնող պատգամաւորներուն մեծ մասը յայտարարեց, որ կողմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:
Նոյեմբեր 10-ի կառավարութեան նիստին՝ հաւանութեան արժանացած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողների կեանքին կամ առողջութեանը պատճառած վնասի փոխհատուցման մասին» օրինագիծը եւ ուղեկցող օրինագիծերուն փաթեթը, որոնց համաձայն` աշխատող իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է ամսական 1000 դրամ վճարէ զինծառայողներու օգնութեան հիմնադրամին:
Զոհուածներու եւ 1-ին խումբի հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներու ընտանիքները միանուագ պիտի ստանան 10 միլիոն դրամ (2-րդ խումբի հաշմանդամները` 5 միլիոն), իսկ յետագային` 20 տարուան ընթացքին` ամսական 300 հազար դրամ: Սպաներու համար այդ գումարը պիտի կազմէ ամսական 300 հազար դրամ, ենթասպաներու համար` 250 հազար դրամ, շարքայիններու համար` 100 հազար դրամ (զոհուածներն ու 1-ին խումբի հաշմանդամները): Այս պարագային, սպային կամ անոր ընտանիքին, 20 տարի շարունակ պիտի յատկացուի 82 միլիոն դրամ, ենթասպաներուն` 70 միլիոն, շարքայիններուն` 58 միլիոն:
2-րդ խումբի հաշմանդամներուն համար նախատեսուած է համապատասխանաբար 200, 150 եւ 100 հազար դրամ ամսական: