Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Սփիւռքեան Համայնքները Կը Միանան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Դուն Ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» Համահայկական Շարժումին

Դեռ հաշուած օրեր  անցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հնչեցուցած համահայկական կոչին` 2017 թուականը համայն հայութեան համար դարձնելու Արցախի տարի,  բայց արդէն բազմաթիւ արձագանգներ կան սփիւռքեան համայնքներէն, հայկական դպրոցներէն ու միութիւններէն:

«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժումին յայտարարութիւնը տարածուած է Սփիւռքի  շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք քիչ չեն նաեւ այս կամ այն նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու առաջարկ ներկայացուցած կառոյցները:

Ալմելոյի եւ Նոր Ջուղայի հայկական համայնքները արդէն իսկ իրականութիւն  դարձուցած են իրենց նախաձեռնութիւնը: Մասնաւորապէս, ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, Ալմելոյի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի   ունեցած է  «Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղին» արշաւի գործողութիւններուն մասին ձեռնարկը: Իսկ Նոր Ջուղայի մէջ կազմակերպած են աշնանային մթերքներու վաճառք՝  ի զօրակցութիւն արցախահայութեան:

Ռուսաստանի Դաշնութեան Ուֆա եւ Օպնինսկ քաղաքներուն մէջ գործող կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներու եւ Քուէյթի ազգային վարժարանի սաներն ալ միացած են հայկական աշխարհի մէջ ձեռնարկը հանրայնացնելու կոչին` «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» գրութեամբ պաստառներով լուսանկարներ տեղադրելով իրենց էջերուն վրայ:

Նշենք, որ Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի ու Ռուսիոյ  շարք մը համայնքներու մէջ, յառաջիկայ օրերուն եւս, տեղի պիտի ունենան Արցախին նուիրուած մշակութային, բարեգործական ձեռնարկներ, որոնց մասին տեղեկատուութիւնը «Հայերն այսօր»-ը պիտի ներակայացնէ իր էջերուն վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին