Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Քալուկայի Մարզի «Արաքս» Կիրակնօրեայ Դպրոցը Միացած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնած Շարժումին

ՌԴ Քալուկայի մարզի Օպնինսկ քաղաքին մէջ վերջերս իր դռները բացած «Արաքս» կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի աշակերտները միացած են  «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: Երեխաները լուսանկարուած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած շարժումին` համապատասխան ցուցապաստառով:

Ըստ «Հայերն այսօր»ին, դպրոցին բացումը տեղի ունեցած է այս տարուան Սեպտեմբեր 3ին, ներկայութեամբ թուով 60 մեծ ու փոքր աշակերտներու, անոնց ծնողներու, կազմակերպիչներու եւ Քալուկա քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու. ընդհանուր թիւը կը հաշուէր մօտ 100 մարդ: Բացման արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկած են կազմակերպիչներ Կարինէ Ղուկասեան, Յովիկ Յովակիմեան, Նառա Աւետիքեան (դպրոցի ուսուցչուհին), Քալուկայի համայնքի ներկայացուցիչ Մարիամ Յովհաննիսեան եւ այլք: Դասարանի մուտքին, կարմիր ժապաւէնը կտրած են դպրոցի ամենափոքր աշակերտներ ՍուրէնՉնաւայեանն ու  Նարէն Ազրոյեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին