Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Պաշտպանութեան Նախարարը Պիտի Անդամակցի Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յառաջիկայ օրերուն պիտի անդամակցի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան: Այս մասին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է անձամբ Պաշտպանութեան նախարարը:

Հանդիպման ընթացքին նորանշանակ նախարարը ներկայացուցած է բանակաշինութեան եւ պաշտպանական քաղաքականութեան ոլորտին մէջ յառաջիկային իր ընելիքներն ու պատասխանած է հարցումներուն: Ի դէպ` Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ կը զբաղեցնէ քաղաքական պաշտօն եւ պատրաստ է իր որդեգրած քաղաքականութեան համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու:

Panorama.amը Վիգէն Սարգսեանին հարց տուած է, թէ ինչպէս քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը կը համադրուի այն փաստի հետ, որ նորանշանակ նախարարը կը հանդիսանայ անկուսակցական:

Ի պատասխան, Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ թէեւ անկուսակցական է, սակայն անցեալ ութ տարիներուն աշխատելով երկրի նախագահի աշխատակազմին մէջ, առնչութիւններ ունեցած է իշխող Հանրապետական կուսակցութեան հետ:

Անոր խօսքով` իր պաշտօնը եղած է հայեցողական եւ որեւէ կուսակցութեան անդամակցելու հարց չէ եղած: Այսօր, սակայն, զբաղեցնելով քաղաքական պաշտօն, ան որոշած է զինք ընդունելու խնդրանքով յառաջիկայ օրերուն դիմել ՀՀԿին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին