Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

ՀԵԸի Սկաուտական Շարժումին Մասնակցութիւնը Պէյրութի Մարաթոնին

Պէյրութի մարաթոնը արդէն իսկ կարեւոր թուական մը դարձած է Աթլեթիզմի Միջազգային  Ֆետերասիոնի օրացոյցին վրայ:Այստարուան մարաթոնին 99  երկիրներ ներկայացնող աւելի քան43 հազար մարզիկներու մասնակցութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է անոր շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութեան:

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 7-ին, Աթլեթիզմի Միջազգային  Ֆետերասիոնի նախագահ՝ Սեպասթիան Գօ, տուաւ Պէյրութի 14-րդ միջազգային  մարաթոնին ազդանշանը:

Մարաթոնին իրենց  բարոյական մասնակցութիւնը բերին վարչապետ Սաատ Հարիրի, երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ,արուեստագէտներ, լրագրողներ: Սեպասթիան Գօ եւ Սաատ Հարիրի եօթը քիլոմեթր երկարող տարածութիւն մը հատեցին միասին:

Նախորդ տարիներուն նման՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Պէյրութի մարաթոնի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: Արդարեւ,ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ,ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիաս եւԱնդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումները յաջողութեամբ պսակեցին իրենց վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները:

DSC_5232

Նկատի ունենալով, որ մարաթոնի մասնակիցները առաւօտեան ժամը 5-ին պէտք է ներկայ  գտնուէին Նահատակաց Հրապարակ, մեր սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները,  Շաբաթ երեկոյեան համախմբուեցան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան ակումբը, այնտեղ գիշերելէ ետք, առաւօտեան ժամը 8-ին ուղղուեցան դէպի Նահատակաց հրապարակ, պատասխանատուներ՝ եղբայր Էտի Թորամանեանի (ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս)  եւ  Եղբայր Գէորգ Կիւվլեքճեանի (ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան) հետ:

Յաջորդաբար, երրորդ տարին ըլլալով, մեր սկաուտական շարժումին թելադրուած էր  հետեւիլ մարաթոնին (42 եւ 21 քիլոմեթր) մասնակցող վազորդներու անվտանգութեան նաեւ առաջնային օժանդակութիւնհայթայթել եզրափակիչգիծը հատողբոլոր մարզիկներուն:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸի սկաուտական շարժումին անդամները հաճոյքով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ դիմաւորեցին եզրափակիչ գիծը հատող մարզիկները:

Հեռատեսիլի կայաններ՝ ուղիղ հաղորդումով՝հետեւեցան Պէյրութի մարաթոնին եւ բարձր գնահատեցին կազմակերպչական գետնի վրայ բոլոր նախաձեռնութիւնները:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին