Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Աշնանային Վաճառք Նոր Ջուղայի ՄԷջ` Ի զօրակցութիւն Արցախահայութեան

Կազմակերպութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Երէցներու միաւորին, Ուրբաթ` Նոյեմբեր 11ին, ժամը` 11:00էն սկսեալ, միութեան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, հերթական անգամ, տեղի ունեցաւ աշնանային վաճառք, ուր վաճառքի  դրուած էին աշնանային միրգերէ ու բանջարեղէններէ պատրաստուած եւ գեղեցիկ փաթեթաւորուած խմորեղէն, թթու, մրգանուշ, ճթնի եւ այլ պահածոներ, որոնց բազմազանութիւնը կը վկայէր միութեան երէցներու միաւորի վարչութեան ու ամբողջ անձնակազմի շաբաթներու եւ ամիսներու համատեղ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին մասին:

«Հայերն այսօր» նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան կը հաղորդէ, թէ վաճառքին մասնակցած էին նաեւ Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութիւնը, որ ի զօրակցութիւն արցախահայութեան վաճառքի  հանած էր Արցախէն բերուած մեղր, չիրեղէն, սուճուխ, մրգանուշներու տեսակներ եւ թութի օշարակ: Իրենց բաժինը բերած էին  նաեւ Բերիոյ կրթասիրաց եւ Հայ Ուսումնասիրաց Չհարմահալ միութիւնները`  անդամներուն միջոցով պատրաստուած պահածոներու ու թխուածքներու վաճառքով:

Ձեռնարկը առիթ էր նաեւ անհատական արտադրանքներու վաճառքի համար, որուն արձագանգած էին Նոր Ջուղայէն եւ Շահինշահրէն անհատներ:

Նշելի է, որ աշնանային գեղեցիկ յարդարանքով ստեղծուած աշխոյժ մթնոլորտը ընդունեց բազմահարիւր այցելուներ, որոնք վայելեցին մատուցուած աւանդական ճաշեր, տեսակաւոր ուտեստներ եւ մասնակցեցան կազմակերպուած խաղերուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին