Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Վիգէն Սարգսեան «1000ական Դրամ Բանակին» Նախագիծը Քննարկած է Մտաւորականներու Հետ

Մարտական գործողութիւններու ընթացքին եւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներու զոհուելու կամ հաշմանդամ դառնալու պարագային, պետական ապահովագրական վճարի աւելման ծրագիրին նպատակով իրականացուող հանրային քննարկումներուն ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 14ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ՊՆ վարչական համալիրին մէջ հանդիպած է մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ:

ՊՆ-ի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն 5 հանդիպման ընթացքին տեսակէտներ եւ կարծիքներ փոխանակուած են առաջարկուող ծրագիրին ներդրման նպատակայարմարութեան, կիրառման եւ արդիւնաւէտ կառավարման ձեւաւորման, զինծառայողներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն աջակցելու հասարակութեան պատրաստակամութեան, թափանցիկ վերահսկման անհրաժեշտութեան եւ այլ հարցերու մասին:

Հանդիպման մասնակիցները ընդգծած են նման ձեւաչափով քննարկումներու կարեւորութիւնը, նշելով, որ անիկա հնարաւորութիւն կու տայ ամբողջական տեղեկատուութիւն ստանալու քննարկուող նախաձեռնութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու հանրութեան տարբեր տեսակէտները:

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 10ի կառավարութեան նիստին՝ հաւանութեան արժանացած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասի փոխհատուցման մասին» օրինագիծը եւ ուղեկցող օրինագիծերուն փաթեթը, որոնց համաձայն` աշխատող իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է ամսական 1000 դրամ վճարէ զինծառայողներու օգնութեան հիմնադրամին: Զոհուածներու եւ  առաջին խումբի հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներու ընտանիքները միանուագ պիտի ստանան 10 միլիոն դրամ (2րդ խումբի հաշմանդամները` 5 միլիոն), իսկ յետագային՝ 20 տարուան ընթացքին` ամսական 300 հազար դրամ: Սպաներու համար այդ գումարը պիտի կազմէ ամսական 300 հազար դրամ, ենթասպաներու համար` 250 հազար դրամ, շարքայիններու համար` 100 հազար դրամ (զոհուածներն ու  առաջին խումբի հաշմանդամները): Այս պարագային սպային կամ անոր ընտանիքին 20 տարի շարունակ պիտի յատկացուի 82 միլիոն դրամ, ենթասպաներուն` 70 միլիոն, շարքայիններուն` 58 միլիոն: 2րդ խումբի հաշմանդամներու համար նախատեսուած է համապատասխանաբար 200, 150 եւ 100 հազար դրամ ամսական:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին