Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը` Թիւերով

Ռազմական փորձագէտ, Կովկասի հիմնարկի փոխտնօրէն Սերկէյ Մինասեանը իր “Զսպումը Արցախեան հակամարտութեան մէջ” ռուսերէնով մենագրութեան, որ լոյս տեսած է շաբաթներ առաջ, յաւելուածներու բաժինին մէջ կը ներկայացնէ վիճակագրական տուեալներ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու մասին, կը հաղորդէ Հայկական ուսումնասիրութիւններու Անի կեդրոնը:

Փորձագէտը վիճակագրական տուեալները կը ներկայացնէ` հիմք ընդունելով բաց աղբիւրները եւ իր գնահատումները: Այսպէս, 2016 թուականի Յունուար 1ի դրութեամբ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, կազմած է 70 հազար: Ոչ պաշտօնական տուեալներով այդ թիւը 90 հազար է:

Հայաստանի զինուած ուժերուն թիւը, պաշտօնական տուեալներով, կազմած է 46 հազար, ոչ պաշտօնականը` 48 հազար:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի թիւին մասին պաշտօնական տուեալներ չկան, ոչ պաշտօնապէս այս թիւը 20 հազար է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին