Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Ընթացք Առին Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան Բարեզարդման Աշխատանքները

Առ ի գիտութիւն, կու գանք տեղեկացնելու, որ նկատի ունենալով  Պուրճ Համուտի եւ Ֆրընշպէքի ազգային գերեզմանատուներուն պարզած պատկերը եւ զանոնք բարեկարգելու առաջադրնքով Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխանական յաջորդական ժողովներու կողմէ կատարուած թելադրութիւնները,  Ազգային վարչութիւնս որոշեց հանգրուանային կերպով զոյգ գերեզմանատուներուն մէջ նախաձեռնել ճշդուած բարեզարդումներու  ծրագիրներներ, որոնց մանրամասնութիւնները կը փոխանցուին յառաջիկային։

Այս ծիրին մէջ, առաջին աշխատանքը հանդիսացաւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մայր դարպասի մուտքի ճամբու ընդարձակման աշխատանքները, որոնք ընթացք առին երէկ՝ երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2016ի առաւօտուն։ Վերոնշեալ աշխատանքները կ’իրականացուին Տըքուէնիի քաղաքապետական խորհուրդին գործակցութեամբ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ մասնակից դառնալ յառաջիկային կատարուելիք յաւելեալ աշխատանքներուն, որոնց շարքին են ցանկապատերու վերանորոգումը, մայթերու սալայատակումը եւ ընդհանուր մաքրութիւն։

IMG_3519

Յայտնենք, որ գերեզմանատուներու բարեկարգման համար Ազգային վարչութիւնը յառաջացուցած է մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ մօտէն կը զբաղի նշեալ աշխատանքներով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին